Ժորժ Ապտալլան Ազատ Արձակելու Վճիռը Հնչեց Ֆրանսայէն
Ֆրանսական դատական իշխանութիւնները երէկ վճռեցին ազատ արձակել Ժորժ Ապտալլան:
Ֆրանսայի մէջ արգելափակուած լիբանանցի քաղաքացի Ժորժ Ապտալլայի դատը պաշտպանող խումբ մը երիտասարդներ փողոց իջան եւ տօնակատարութեան մթնոլորտի մէջ ողջունեցին ֆրանսական դատական իշխանութիւններուն կողմէ արձակուած արդարութիւնը վերականգնող վճիռը:
Անոնք լիբանանեան իշխանութիւններէն պահանջեցին գումակային բոլոր միջոցառումները որդեգրել` Ապտալլայի տունդարձին առիթով:
Նշենք, որ Ժորժ Իպրահիմ Ապտալլա 28 տարիներէ ի վեր բանտարկուած է Ֆրանսայի մէջ եւ Եւրոպայի մէջ ան կը նկատուի հնագոյն քաղաքական բանտարկեալներէն մէկը:
Ժորժ Ապտալլա լիբանանցի քաղաքացի մըն է` հիւսիսային Լիբանանի Քպայյաթ շրջանէն: Ան Պէյրութի մանկավարժական հիմնարկէն վկայուած է իբրեւ ուսուցիչ, կանուխ տարիքէն հակում ցուցաբերած է իրաւազրկեալ ժողովուրդներու դատերը պաշտպանելու, այս հիմամբ ալ ան անդամակցած է Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատին: 28 տարի առաջ սուտ վկայութեան հիման վրայ կը ձերբակալուի ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ:
Անոր ազատ արձակման համար պայման դրուած էր, որ ան հրաժարէր հակասիոնական գաղափարներէն, սակայն ինք կառչած կը մնար այդ գաղափարներուն եւ այդ իմաստով սակարկելու ոչ մէկ ձեւի դիմեց:


