Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարազատները Նստացոյց Մը Կատարեցին Քաթարի Դեսպանատան Դիմաց

Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները, որոնք նախապէս Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան առջեւ ցոյցեր կատարած էին, երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին նստացոյց մը կատարեցին քաթարեան դեսպանատան դիմաց` Այն Թինէի մէջ:

Անոնք քաթարեան իշխանութիւններէն պահանջեցին աշխուժացնել իրենց զաւակները ազատ արձակելու ճիգերն ու ջանքերը:

Առեւանգուողներուն հարազատները հաւաքուեցան դեսպանատան դրան դիմաց եւ արգիլեցին դեսպանատան պաշտօնեաները իրենց գրասենեակները մուտք գործելէ:

Նստացոյցին պատճառով, դեսպանատան ապահովութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնած ապահովական ուժերուն եւ առեւանգուածներուն հարազատներուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ:

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել աւելի ուշ հերքեց բախումներուն լուրը եւ փափաք յայտնեց հանդիպում մը ունենալ ցուցարարներուն մէկ պատուիրակութեան հետ:

Առեւանգեալներուն հարազատները հանդիպում մը ունեցան Շարպելի հետ եւ այդ հանդիպումէն ետք է միայն, որ վերջ տուին քաթարեան դեսպանատան դիմաց իրենց բաց նստացոյցին:

Առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները հաստատեցին, որ իրենք անակնկալի պիտի մատնեն Լիբանանի մէջ թրքական, սէուտական ու քաթարեան շահերը եւ մնայուն քայլերու պիտի ձեռնարկեն` առանց նախապէս յայտարարելու այդ քայլերուն մասին:

Նշենք, որ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները պիտի բաժնեն կոչեր, որոնք լիբանանցիները կը հրաւիրեն պոյքոթի ենթարկելու Լիբանանի մէջ թրքական արտադրութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES