Օզպիլիս Եւ Փիցելլի Նոր Մարզիչ Ունեցան

Քուպան Քրասնոտար

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Քուպան Քրասնոտարի նոր գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Լէոնիտ Քուչուք (Պիելոռուսիա):

Իբրեւ մարզիչ նշանակուելէն ետք ան ըսաւ. «Ամէն ինչ շատ արագ ձեւով ընթացաւ. թէ՛ բանակցութիւնները եւ թէ՛ ալ իմ ժամանումս: Բնականաբար, շատ ուրախ եմ, որ պիտի գործակցիմ կազմի մը հետ, որ իր շարքերուն մէջ ունի բաւական անուանի մարզիկներ: Պիտի փորձենք տալ մեր առաւելագոյնը: Շուտով պիտի ծանօթանամ իւրաքանչիւր մարզիկի հետ, որպէսզի մեր վրայ դրուած յոյսերը իրականացնենք»:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող երկու ֆութպոլիստներ Արազ Օզպիլիս եւ Մարքոս Փիցելլի այսպիսով ունեցան իրենց նոր մարզիչը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES