Ճատրակ. 17-27 Յունուարին Լիբանան Կը Հիւրընկալէ Միջերկրականեան Ախոյեանութիւնը

Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ յառաջիկայ 17-27 յունուարին Լիբանան պիտի հիւրընկալէ Ճատրակի միջերկրականեան ախոյեանութիւնը:

Այս ախոյեանութիւնը, որ երկրորդ անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի մէջ, կը վայելէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հովանաւորութիւնը:

Անիկա տեղի պիտի ունենայ «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին (Ժընահ, Պէյրութ) «Կալերիա» սրահին մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ, ըստ ֆետերասիոնին, ախոյեանութեան մասնակցողները պիտի ըլլան բաւական զօրաւոր վարպետներ, որոնց կարգին` բնականաբար լիբանանցիներ:

Հակառակ ատոր սակայն, ֆետերասիոնը կը նշէ, թէ որպէսզի լիբանանցի ճատրակ խաղացողները միջազգային յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգեն, պէտք է մասնակցին անոր:

Share this Article
CATEGORIES