50 Տարի Առաջ (12 Յունուար 1963)
Խմբագրական
Մարաշի Աղէտը
Վաղը կիրակի, 13 յունուար, Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ յիշատակի հանդէս` Մարաշի աղէտի 43-րդ տարեդարձին առթիւ, կազմակերպուած` Մարաշի հայրենակցական միութեան կողմէ:
Կիլիկիոյ եւ Արեւմտահայաստանի այլ քաղաքներէն իբրեւ տարագիր Լիբանան ապաստանած եւ այս ասպնջական երկրին մէջ տուն-տեղ ըլլալով, անհատական թէ հաւաքական գետնի վրայ նախանձելի դիրքի հասած մեր մարաշցի հայրենակիցները, տարին մէկ օր, յունուարի ընթացքին, պատշաճ շուքով կը տօնեն յիշատակը իրենց նահատակներուն, որոնք զոհ գացին թրքական բարբարոսութեան եւ մեծ տէրութիւններու դիւանագիտական խաղերուն:
Քառասուներեք տարի առաջ էր: Մարաշի, ինչպէս Կիլիկիոյ բոլոր քաղաքներու հայ բնակիչները կ՛ապրէին անկախութեան եւ ազատութեան երազային օրեր: Արարատեան դաշտին վրայ, Մասիսի ստորոտը, Ղարաքիլիսայի, Սարդարապատի ու Բաշ Ապարանի ճակատամարտերը իրագործած էին ցեղին դարաւոր երազը` անկախ Հայաստանի հաստատումով: Կիլիկիոյ մէջ հայութիւնը թեւեր կ՛առնէր` անկախութեան եւ ազատութեան նոյն տենչանքներով: Չէ՞ որ դաշնակից տէրութիւնները իրենց գրաւման բանակներով ազատագրած էին Հայաստանի պատմական հողերը եւ Թուրքիան իբրեւ պարտուած` պէտք էր վճարէր դարերով անպատիժ մնացած իր վայրագ արարքներուն գինը:
Հայութիւնը, իբրեւ «փոքր դաշնակից»-ը հզօր դաշնակիցներուն, մեծ յոյսեր կապեր էր շռնդալից խոստումներու եւ գնահատական արտայայտութիւններու, որոնք Արարայի ճակատամարտով եւ այլ հերոսական արարքներով նուիրագործուած էին:
Բայց միջազգային դիւանագիտութիւնը, մեծ տէրութիւններու գերագոյ՜ն շահերը տարբեր հաշիւներ ունէին: Թուրքիան թանկագին պատառ մըն էր, զոր ոչ ոք կ՛ուզէր յանձնել միւսին: Այս մրցակցութեան մէջ երբեմնի պարտեալը կը սկսէր պարտադրել իր կամքը խորապէս գիտակցելով, թէ Անգլիան կամ Ֆրանսան պիտի նախընտրէին ամբողջովին հեռանալ Թուրքիայէն, քան թէ` զայն ձգել մէկուն կամ միւսին տիրապետութեան ներքեւ:
Այդ օրերուն է, որ Անգլիա գաղտնաբար Թուրքիա կը փոխադրէր Սուէզի թուրք ռազմագերիները եւ զանոնք կը զինէր` քաջալերելով քեմալական շարժումը: Ֆրանսա, իր կարգին, չէր ուզեր ետ մնալ իր դաշնակցէն եւ կը յօժարէր պարպել Կիլիկիան` նախընտրելով անկախ եւ բարեկամ Թուրքիա մը` Անգլիոյ ենթակայ երկրէ մը:
Այս բարդ հաշիւներուն մէջ Հայ դատը, հայ ժողովուրդին ապահովութիւնը աննշան մանրամասնութիւններ դարձած էին, երկրորդական խնդիրներ, որոնք կրնային լուծուիլ տարագրութեան նոր կարաւաններով:
Մարաշի աղէտը եւ Կիլիկիոյ հայ ժողովուրդին գաղթը անմիջական հետեւանքն են այս քաղաքականութեան, որուն մասին պատմութիւնը արձանագրած է յստակ էջեր` մեծ պետութիւններու շահերուն մէջ փնտռելով գաղտնիքը աններելի ուրացումներու:
Երբ ֆրանսական իշխանութիւնները կ՛որոշէին լքել Մարաշը, քաղաքի քսան հազար հայութիւնը կը յանձնուէր թուրքի «գութին»: Ու ահա, յարձակումը կը սկսէր թրքական թաղերէն` ահ ու սարսափի մթնոլորտ մը ստեղծելով ամէնուրեք: Սաստկաշունչ ձմեռն ու ձիւնամրրիկը կը լրացնէին թշնամիին պակաս ձգած գործը: Ու մարաշցին, ամբողջ քսան օր թրքական խժդժութիւններու եւ կոտորածի ենթարկուելէ ետք, անհամար զոհեր տալով, վերստին կը բռնէր տարագրութեան ճամբան:
Այսօր քառասունեւերեք տարիներ անցած են այդ չարաշուք թուականէն: Ականատեսներ արցունքով կը յիշեն զարհուրանքի այդ օրերը: Իսկ սերունդը, որ ազատ երկնքի տակ ծնաւ ու հասակ նետեց, արցունք չունի իր աչքերուն մէջ, այլ` ցեղին գոյատեւելու գիտակցութենէն ծնած պողպատեայ կամք մը, որ մեր յաղթանակն է չարիքի ուժերուն վրայ:
Մարաշի նահատակներուն ոգեկոչումը մեր ժողովուրդին կենսունակութիւնը հաստատելու միջոց մըն է:

