Սուտ Չի Խօսինք

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Բոլորին ծանօթ է Փինոքիոյին պատմութիւնը: Կապոյտ պարիկին շնորհիւ Ճէփէթոյին ստեղծած փայտէ խամաճիկը կը վերածուի պզտիկ տղու մը, պայմանով որ ան արժանի ըլլայ: Դժբախտաբար, Փինոքիօ որքան սուտ կը խօսէր, այնքան անոր քիթը կ՛երկարէր:

Սպանիոյ Կրանատա համալսարանէն գիտնականներ փաստած են, որ ճիշդ է, թէ մեր քիթը չ՛երկարիր, երբ մենք սուտ կը խօսինք, սակայն ան կրնայ սուտ խօսելու նշաններ ցոյց տալ…

Այս ուսումնասիրութիւնը կատարելու համար մասնագէտները տաքութիւնը արձանագրող յատուկ մեքենաներ գործածած են: Այս քամերաները կը չափեն մարմնին արտադրած տաքութիւնը: Անոնք այս ձեւով նշմարած են, թէ երբ ուսումնասիրուած անձը մտային ճիգ կը թափէր, անոր դէմքին ջերմաստիճանը կը նուազէր:

Իսկ երբ ան մեծ նեղութեան մէջ կը գտնուէր, անոր դէմքին ջերմաստիճանը կը բարձրանար: Եւ երբ անկէ կը խնդրուէր ստել, միայն անոր քիթը կը տաքնար: Ան կը կարմրէր եւ թեթեւօրէն կ՛ուռէր:

Ըստ մասնագէտներու եզրակացութիւններուն, ուղեղին մէջ գիտակցութեան եւ մարմնին ջերմաստիճանը ղեկավարող շրջանն է, որ կը յառաջացնէ ֆիզիքական այս ազդեցութիւնը եւ դրսեւորումները:

Արդեօք իտալացի հեղինակ Քարլօ Ֆօլլօտին կռահա՞ծ է նման բան մը, երբ ան այս պատմութիւնը գրած է 1878 թուականին:

 

Ի՞նչ Կը Պատահի, Երբ Մենք
Կը Փռնգտանք

Աա՜չուուու: Փռնգտոցը, մարմնին համար ուրիշ միջոց մըն է ձերբազատելու մանրէներէն, փոշիէն, աղտոտութիւններէն, մազէն… Փռնգտոցը կը սկսի, երբ քիթին վերի բաժինը կը գրգռուի մանրէի մը կամ փոշիի հետեւանքով: Մանր ջիղեր նշան մը կը ղրկեն ուղեղին` ըսելով, թէ սխալ բան մը կայ:

Ուղեղը կուրծքի եւ կոկորդի մկաններուն կը հրահանգէ ամփոփուիլ կամ կծկուիլ: Ան նաեւ աչքերուն եւ քիմքին կը հրահանգէ գոցուիլ: Աա՜չուու: Կուրծքին եւ կոկորդին կծկումները մեզ կը մղեն փռնգտալու:

Փռնգտոցները կրնան ընթանալ ժամական 160,93 քմ արագութեամբ` 5000 մանրէներով լեցուն ջուրի կաթիլներ արձակելով:

 

Անուշահոտի Մը Ծնունդը

Ամէն տարի անուշահոտի միլիոնաւոր շիշեր կը ծախուին աշխարհին շուրջ: Անուշահոտի ճարտարարուեստը շատ բարգաւաճած է եւ մեծապէս պահանջուած:

1.- Ծաղիկներուն հոտը «կը քաղուի» (բնական հոտերը)

Բնական ծաղիկները տակաւին կը գործածուին բարձր որակի անուշահոտներուն պատրաստութեան պարագային: Սակայն անոնց հոտերը հաւաքելու միջոցները շատ ծախսալի են, որովհետեւ մեծ քանակութեամբ ծաղիկներ պէտք է ձեռք ձգել եւ զանոնք հեռուներէն բերել:

ա.- Զտում: Ծաղիկը կը դրուի թորանոցի մը մէջ: Ջուրի շոգին անոր հոտին հետ կը խառնուի, ապա կը խտանայ խողովակին մէջ: Երբ կը պաղի, ան հեղուկի կը վերածուի եւ «կենսական իւղ» մը կ՛արտադրէ:

բ.- Արտահանում: Բոյսը կը մխրճուի հեղուկի մը մէջ, որ զայն կը լուծէ եւ անոր հոտով կը լեցուի: Ապա այս հեղուկը կը զտուի եւ կը ձգուի, որ շոգիանայ. կը մնայ կպչուն խմոր մը: Բազմաթիւ անգամներ ալքոլով լուացուելէ ետք այս խմորը կը վերածուի «զուտ հոտանիւթի»:

2.- Հոտերը կը շինուին (արուեստական հոտեր)

Գործածուած նիւթերուն 70 առ հարիւրը արուեստական են, այսինքն տարրալուծարաններուն մէջ շինուած:

ա.- «Հէտ Սփէյս»: Այս պարագային, բոյսը կը ծածկուի յատուկ գործիքներով օժտուած զանգակի նման ապակիով մը: Մեքենայ մը կը վերլուծէ անոր հոտը եւ կը հայթայթէ անոր քիմիական բաղադրութիւնը, որպէսզի մասնագէտները կարենան զայն վերակազմել:

բ.- Շինուած մասնիկներ: Քիմիագիտութեան շնորհիւ կարելի է արուեստական ձեւով հոտ ստեղծել: Մասնագէտները միշտ նոր բանաձեւեր կ՛առաջարկեն:

3.- Անուշահոտը մէջտեղ կը բերուի

Երբ վաճառանիշ մը անուշահոտի մասնագէտի մը կը դիմէ` նոր հոտ մը ստեղծելու համար, ան կը բացատրէ, թէ այդ հոտը որո՞ւ համար է (տարիք, սեռ): Անուշահոտի մասնագէտին, որ «քիթ» կը կոչուի, պաշտօնն է տարբեր բաղադրութիւններ խառնելով նոր մը ստեղծել: Այս աշխատանքը կրնայ տեւել 3 տարի:

4.- Անուշահոտը շիշերուն մէջ կը դրուի

Շիշին կերպարանքը կ՛օգնէ ապրանքի յաջողութեան, որովհետեւ այդ ծրարումը կը ներկայացնէ անուշահոտին կախարդական ազդեցութիւնը:

5.- Անուշահոտին բաղադրութիւնը

Անուշահոտին մէջ կը դրուի 15 առ հարիւր զուտ հոտանիւթ: Վրան կ՛աւելցուի քիչ մը ջուր եւ մեծ քանակութեամբ ալքոլ: Որքան աւելի ըլլայ հոտանիւթին քանակը, այնքան անուշահոտը զօրաւոր կ՛ըլլայ:

Անուշահոտին 3 կէտերը

  • Գլխու հոտը կը շոգիանայ, երբ մենք շիշը կը բանանք: Ան կը տեւէ 1 – 2 ժամ:
  • Սրտի հոտը քանի մը ժամ կը տեւէ. ան անուշահոտին կեդրոնական «նիւթն» է: Ան բաղկացած է հզօր նիւթերէ:
  • Խորքի հոտը շատ աւելի երկար կը դիմանայ:

Հոտերուն 7 ընտանիքները

Աւելի լաւ հասկցուելու համար անուշահոտի մասնագէտները հոտերը բաժնած են խումբերու.

  • Նարինջի ընտանիքին պատկանող պտուղներ:
  • Ծաղիկներ, ինչպէս վարդը:
  • Պտերներ, անտառային եւ հուսամի հոտերու խառնուրդ:
  • Կաղնիի մամուռի նման հոտեր:
  • Անտառի հոտեր, ինչպէս մայրիի ծառը:
  • Յամպարի նման հոտեր, ինչպէս վանիյը:
  • Կաշիներ, ինչպէս ծուխի հոտի նմանութիւնը:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրաւ

  •  Ուղեղը ցաւ չի զգար:
  • Անձրեւոտ եղանակին Ափրիկէի Վիքթորիա Ֆոլզ ջրվէժին ջուրերը կրնան 1.635 ողիմպիական լողարան լեցնել` մէկ ժամուան մէջ:
  • Փիղի մը ակռան կրնայ մինչեւ պոլինկի գնդակի մը չափ կշռել:
  • Ափի մը մեծութիւն ունեցող ոսկիի գունդ մը կարելի է տափակցնել եւ լման թենիսի դաշտի մը մեծութեամբ թուղթի մը վերածել:

  • Այնշթայնի ուղեղէն կտորներ ցուցադրուած են Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիոյ քաղաքին թանգարաններէն մէկուն մէջ:
  • Աշխարհի ամէնէն սուղ ոսկիէ դրամը ծախուեցաւ 7.4 միլիոն տոլարի:
  • Պահամազի մէջ գոյութիւն ունի ծովափ մը, ուր կարելի է լողալ վայրի խոզերու հետ:
  • Ստամոքսին մէջի թթուները (ասիտները) կրնան մետաղը հալեցնել:
  • Ձայնը 15 անգամ աւելի արագ կ՛ընթանայ պողպատին ընդմէջէն, քան օդին:

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել ձիւնի փաթիլին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել միւսներէն տարբեր գլխարկը:

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող ձիւնեմարդերը: Քանի՞ զոյգ ձիւնեմարդ պիտի ստանաս:

Կրնա՞ս գտնել վարի տախտակին մէջ վերի երեք փաթիլները` նոյն շարքով շարուած: Կրնաս փնտռել ձախէն աջ վերէն վար, վարէն վեր:

Share this Article
CATEGORIES