Նուիրեալ, Խոնարհ Դաշնակցական Մը Եւս Հեռացաւ Այս Աշխարհէն. (Յովհաննէս Թոքատճեան (Ճոնի Պոյ) Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)
ՌԱԶՄԻԿ ԹՈՔԱՏՃԵԱՆ
Արդէն տարի մը անցած է Յովհաննէս Թոքատճեանի (Ճոնի Պոյ) մահէն,պիտի անցնին նաեւ երկար տարիներ, սակայն բոլորը պիտի յիշեն զայն` իր բարի գործերուն եւ նուիրեալ նկարագիրին շնորհիւ: Համեստ ընտանիքի զաւակը, որ հասակ նետած է Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ, երբեք չի մահանար, այլ պիտի մնայ իբրեւ վառ յիշատակ: Ան վաղուց արդէն հաշտուած էր մահուան հետ, ոչինչ կը վախցնէր զայն` ո՛չ հիւանդութիւն, ո՛չ արկած եւ ո՛չ ալ փորձանք: Բայց եւ այնպէս տարի մը առաջ, երբ ան առյաւէտ բաժնուեցաւ մեզմէ, մեծ ցաւ ու դատարկութիւն պատճառեց իր շրջապատին: Արդարեւ, նման հօր ու ընկերոջ կորուստը առաւել եւս լուսարձակի տակ կը բերէ անոր բացակայութեան պատճառած մեծ ցաւը, անոր արժէքը աւելի կը շեշտուի:
Ճոնի Պոյի համար ազգն ու անոր շահերը ամէն բանէ վեր ու կարեւոր եղած են, նոյնիսկ ամէնէն զգայուն պահերուն, ան նախընտրած է իր անձը վտանգել, քան իր ժողովուրդը: Արդարեւ, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն թէժ օրերուն, երբ ան առեւանգուեցաւ եւ փորձ կատարուեցաւ մեր թաղերու պաշտպանութեան վերաբերող տեղեկութիւններ առնել իրմէ, ան բացարձակ կերպով մերժեց բառ մը իսկ խօսիլ, ենթարկուեցաւ դաժան խոշտանգումներու, նոյնիսկ կորսնցուց իր մէկ երիկամը, առանց որուն ապրեցաւ մինչեւ մահ, սակայն մնաց լուռ:
Հակառակ հիւանդութեան ան շարունակեց իր մէկ առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը, գործեց այնքան, որքան կրցաւ, սակայն չդադրեցաւ իր ազգին ծառայելէ: Ուրիշին օժանդակելը միշտ կարեւոր եղած էր իրեն, կ՛ուզէր օգնել անկարին, աղքատին եւ կարիքաւորին, ըրաւ այնպիսի աշխատանքներ, որոնք զարմացուցած են իր շրջապատը, նաեւ օրինակ հանդիսացած բոլորին: Ակումբը նստած ատեն միշտ ընկերներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին կը շեշտէր, որ պէտք է «Վանայ ձայն»-էն սփռուի կարիքաւորներուն օժանդակելու ծրագիր մը եւ «Ձեռք երկարենք»-ով այսօր արդէն իրականութիւն դարձած է իր սրտին այդքան խօսող այս նախաձեռնութիւնը, որուն մասնակցեցաւ ան, նաեւ կոչ ուղղեց բոլորին` իրենց մեծ թէ փոքր ներդրումը ունենալու:
Միայն հայր չեղաւ ան ինծի համար, այլ իսկական ընկեր մը, խրախուսող, սփոփող, խրատող, կորով եւ ուժ ներշնչող, որ միշտ բարոյականին արժէք կու տար` նիւթականը անտեսելով:
Այսօր չկայ նուիրեալ դաշնակցականը, չկայ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի տաղանդաւոր դերասանը, չկայ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահի երկար տարիներու վարչական ընկերը, չկայ «Թռչնոց Բոյն»-ի եւ ազգային վարժարաններու աշակերտները ուրախացնող Կաղանդ պապան …
Սիրելի՛ հայրս եւ ընկերս,
Ամբողջ կեանքդ եղաւ փոթորկալից պայքար մը, պայքար` մեր հայահոծ եւ հայեցի դիմագիծին ի խնդիր, պայքար` Դաշնակցութեան անգին արժէքներուն եւ հայապահպանման ի խնդիր, պայքար` մայր Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ Դաշնակցութեան դրօշակին տակ ծառայող նոր հունձքերուն ի խդնիր:
Հանգի՜ստ ննջէ, դաշնակցական վեթերան ընկեր, հոն պիտի գտնես քու սիրելի ընկերներդ, որոնց արժանի ժառանգորդը ըլլալու մնայուն ճիգով ապրեցար ու գործեցիր:
Քու ցանածդ պիտի հնձեն քեզ յաջորդողները եւ միշտ յիշեն քեզ` քու գործերովդ եւ նկարագիրովդ:

