Յառաջիկայ 18-21 Յունուարին ՖԻՏԷ-ի Նախագահական Խորհուրդին Նիստը` Ծաղկաձորի Մէջ

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 18-21 յունուարին Ծաղկաձոր պիտի հիւրընկալէ ՖԻՏԷ-ի նախագահական խորհուրդի անդամները:

Տեղի ունենալիք այդ նիստին ՖԻՏԷ-ի պատուիրակութիւնը Հայաստան պիտի ժամանէ անոր նախագահին` Քիրշան Իլիումժինովի գլխաւորութեամբ:

Խորհուրդի աշխատանքին կը մասնակցին Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին 23 անդամները:

Սակայն Հայաստան պիտի չկարենան ժամանել աշխարհի ախոյեաններ Վիշվանաթան Անանտ եւ Աննա Ուշենինա, որոնք նոյնպէս հրաւիրուած են:

Հայկական աղբիւրը կ՛եզրափակէ ըսելով, որ սոյն նիստին պիտի յաջորդէ Եւրոպական ճատրակի միութեան գործադիր յանձնախումբին նիստը, որ տեղի պիտի ունենայ 22-25 յունուարին` Երեւանի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES