Դահուկարշաւ. Փոքրերու Մրցաշարքը Յետաձգուեցաւ Յառաջիկայ Շաբթուան

Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք փոքրերու մրցաշարքը` յետաձգուեցաւ յառաջիկայ շաբթուան` կլիմայական աննպաստ պայմաններուն պատճառով:

Այժմ անոնք տեղի պիտի ունենան 19-20 յունուարին` Արզի շրջանին մէջ:

Ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը յայտարարեց, որ ակումբները պարտին մասնակցողներուն անունները ֆետերասիոնին ուղարկել առաւելագոյնը մինչեւ 16 յունուար:

Այս մրցաշարքին կրնան մասնակցիլ 1997-1998-ի եւ 1999-2000-ի ծնունդ երկսեռ փոքրեր:

Այս գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու նպատակով ֆետերասիոնը յայտնեց, որ յառաջիկայ ուրբաթ, 18 յունուարին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, «Սետրիւս» պանդոկին մէջ (Արզ) յատուկ հանդիպում-ժողով մը պիտի ունենայ խումբերուն եւ ակումբներուն պատասխանատուներուն հետ:

Share this Article
CATEGORIES