Արսէն Պապիկեան` Քուպանի Գլխաւոր Մարզիչին Օգնականներէն Մէկը
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը` կը տեղեկացնէ, որ Քրասնոտարի Քուպանի նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Լէոնիտ Քուչուքի օգնականներէն մէկը հանդիսացաւ Արմաւիրի, Թորփետոյի նախկին մարզիչ Արսէն Պապիկեան:
Իր լուրը քաղելով ակումբին պաշտօնական կայքէջէն` հայկական աղբիւրը կ՛աւելցնէ ըսելով, որ Քուչուք իր օգնականներուն անունները նշեց նախքան խումբին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մեկնիլը, ուր անիկա պիտի կատարէ բանակում մը:
CATEGORIES Մարզական

