Ազրպէյճանի Մէջ Կազատար Խողովակ Մը Պայթած Է

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի Կէօքչա շրջանին մէջ Կազիմամետ-Ղազախ կազատար խողովակին վրայ երէկ առաւօտեան պայթում մը տեղի ունեցած է:

Ըստ նախնական տեղեկութեանց, պայթումին պատճառը կազի արտահոսքը եղած է:

Պայթումէն ետք հրդեհ ծագած է:

Նկատի ունենալով, որ կազատար խողովակին վնասուած բաժինը կը գտնուի բարձունքի մը վրայ, իսկ այդտեղ առաջնորդող ճամբան սառոյցով պատուած է, հրշէջ մեքենաները չեն կրցած դէպքին վայրը մօտենալ:

Բոցերու բարձրութիւնը շուրջ հարիւր մեթրի հասած է, իսկ կրակը տեսանելի դարձած է հեռուէն:

 

Share this Article
CATEGORIES