Օպամա Միայն Սպիտակամորթներէ Եւ Արական Սեռի Պատկանող Նախարարներէ Կազմուած Կառավարութեան Մը Կազմութեան Համար Կը Քննադատուի
«Նիուզ Մաքս»` յղում կատարելով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու առաջին սեւամորթ նախագահ Պարաք Օպամա դեմոկրատական իր կուսակիցներուն կողմէ քննադատութիւններու կ՛ենթարկուի միայն սպիտակամորթ եւ արական սեռի ներկայացուցիչներէ բաղկացած նախարարաց խորհուրդ մը կազմելուն համար:
Դեմոկրատականներուն համար մասնաւորաբար անհաճոյ է այն հանգամանքը, որ գործադիր իշխանութեան կարեւորագոյն պաշտօններուն վրայ նշանակուած են միայն սպիտակամորթ տղամարդ քաղաքական գործիչներ:
Կայքէջը կը յիշեցնէ, որ անցեալ քանի մը շաբաթներուն ընթացքին Օպամա չորս սպիտակամորթ տղամարդ թեկնածուներ առաջադրած է. ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնին` Ճեք Լիուն, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին` Ճոն Քերին, «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնի պաշտօնին` Ճոն Պրենանը, իսկ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին` Չաք Հէյկըլը: Այս առաջադրումներով նախագահը կորսնցուցած է իր նախարարաց խորհուրդի առաջին սպանուհի քաղաքական գործիչը` Հիլտա Սոլիսը եւ սեւամորթ կին մը` Լիսա Ճեքսընը:
Դեմոկրատականներուն կարծիքով, նախարարաց խորհուրդին մէջ ստեղծուած պատկերը շատ հիասթափեցնող է եւ վրդովեցուցիչ:
Ըստ անոնց, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք է Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան նման ըլլայ, որպէսզի կառավարութեան հասանելի ըլլան երկրին բնակչութեան բոլոր հատուածներուն մտահոգութիւնները:


