Ուաշինկթըն Կառչած Կը Մնայ Պըն Լատենի Դիակին Նկարները Չհրապարակելու Իր Որոշումին

Պըն Լատեն

Օպամայի վարչակազմը Ուաշինկթընի մէջ վերադատ ատեանի մը առջեւ պաշտպանեց Քայիտայի ղեկավար Ուսամա Պըն Լատենի դիակին նկարները չհրապարակելու որոշումը` նշելով, որ այդ որոշումը տրուած է յանուն ազգային ապահովութեան պաշտպանութեան:

Վարչակազմը դատաւորներուն կոչ ուղղեց` պահպանելու գաղտնիութիւնը լուսանկարներուն, որոնք առնուած են մայիս 2011-ին Քայիտայի ղեկավարին սպանութեամբ աւարտած զինուորական գործողութենէն ետք:

Նախնական դատարան մը անցեալ շաբաթ արգիլած էր 52 նկարներու հրապարակումը` որդեգրելով «Սի.Այ.Էյ.»-ի այն տեսակէտը, թէ նկարներու հրապարակումը կրնայ Ամերիկայի ազգային ապահովութեան վնաս պատճառել:

Դատաւոր Ճէյմս Փոսփըրկ ապրիլ 2012 թուակիր իր որոշումին մէջ գրած էր, որ «լուսանկար մը հազար բառ կ՛արժէ եւ վիտէօ ժապաւէն մը կրնայ աւելի արժէքաւոր ըլլալ, սակայն այս պարագային, Ուսամա պըն Լատենի մահուան եւ թաղման բանաւոր նկարագրութիւնը պէտք է բաւարար ըլլայ»:

Սակայն պահպանողական «Ժուտիշըլ Ուոչ» կազմակերպութիւնը այդ վճիռը վիճարկեց` առարկելով, որ ամերիկեան կառավարութիւնը «չփաստեց, թէ ծովուն մէջ պատշաճ թաղման արարողութիւն մը ազգային ապահովութեան վտանգաւոր եւ արտակարգ վտանգ մը կը ներկայացնէ»: Կազմակերպութիւնը մասնաւորաբար մատնանշեց Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի մահապատիժի ենթարկուելէն ետք հրապարակուած նկարները:

Սակայն Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը հակադարձելով յայտնեց, որ կարելի չէ այլ նկարներ բաղդատել Քայիտայի հիմնադիր Պըն Լատենի նկարներուն ազդեցութեան հետ: Ան նշեց, որ գործողութիւնը «Սի.Այ.Էյ.»-ը կատարած է, ուրեմն ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնը առնչակից կողմն է եւ բաւարար հիմք կայ մտածելու, որ անոնց հրապարակումը ազգային ապահովութեան վրայ վտանգաւոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ:

 

Share this Article
CATEGORIES