«Փարիզի Մէջ Քիւրտ Գործիչներու Սպանութիւնը Կրնայ Ներքին Հաշուեյարդար Ըլլալ» Կ՛ըսէ Էրտողան
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, անդրադառնալով Փարիզի մէջ երեք քիւրտ ականաւոր կին գործիչներու սպանութեան դէպքին, յայտնեց, որ «Փարիզի մէջ քիւրտ երեք գործիչներու սպանութեան ոճիրը կրնայ ներքին հաշուեյարդար ըլլալ կամ քրտական հարցը լուծելու համար թրքական կառավարութեան որդեգրած քայլերը խանգարելու փորձ մը»:
«Համբերութեամբ պիտի սպասենք, մինչեւ որ այս դէպքին վրայ լոյս սփռուի, եւ պիտի շարունակենք (քրտական հարցը լուծելու. «Ա.») մեր բարի կամեցողական քայլերը», ըսաւ ան` նշելով, որ «գոյութիւն ունին ցուցանիշներ, որոնց շարքին այն, թէ ոճիրին թատերաբեմ դարձած տան դուռը ներսէն կը փակուի թուայնացած կղպանքով եւ միայն գործիչներուն կողմէ կրնար բացուիլ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ դուռը բացած են իրենց ծանօթ անձի մը, որուն վրայ վստահութիւն ունին»:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ իր կարգին յայտնեց, որ սպանութիւններուն շուրջ ներկայիս բոլոր ըսուածները ենթադրութիւններ են, եւ ճշմարտութիւնը գիտնալու համար պէտք է քանի մը օր սպասել:
Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Հիւսէյն Չելիք իր կարգին դէպքը «ներքին հաշուեյարդար»-ի վերագրեց` աւելցնելով, որ «տեղեակ ենք, թէ ՔԱԿ-ի մէջ անջատումներ գոյութիւն ունին»` հարցը կապելով կառավարութեան խնդրանքով Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտանի քրտական հարցի լուծման համար Ապտալլա Օճալանի հետ կատարած բանակցութիւններուն:
Թուրքիոյ կառավարութեան բանբեր Պիւլենթ Արընչ դատապարտեց քիւրտ գործիչներու սպանութիւնը եւ ցաւ յայտնեց դէպքին համար: Ան նաեւ ցաւ յայտնեց, որ սպանութիւնը կը զուգադիպի ՔԱԿ-ի ուղղութեամբ թրքական կառավարութեան խաղաղութեան նախաձեռնութեան:
Թուրքիոյ խորհրդարանին մաս կազմող քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սելահէտտին Տեմիրթաշ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ֆրանսական կառավարութեան կոչ ուղղեց քիւրտ գործիչներու սպանութեան ծալքերը բացայայտելու` նշելով, որ «բոլորը թող գիտնան, որ Փարիզի ամէնէն խճողուած շրջանին մէջ տեղի ունեցած այս սպանութիւնները կարելի չէ ծածկել»:
Կուսակցութիւնը անջատ հաղորդագրութեամբ մը նշեց, որ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երկու ղեկավարները` Քըշանաք եւ Տեմիրթաշ Փարիզ պիտի մեկնին` ֆրանսացի պաշտօնատարներու հետ դէպքին շուրջ քննարկումներ կատարելու եւ զոհերուն յուղարկաւորութեանց ներկայ գտնուելու:
Շաբաթ օր Փարիզի մէջ սպանութեանց դէմ բողոքի հաւաք մը կը նախատեսուի:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ հինգշաբթի օր յայտնեց, որ ինք սպաննուած քիւրտ գործիչներէն մէկուն ծանօթ էր, եւ նշեալ անձը «կանոնաւոր կերպով մեզի հետ հանդիպում ունենալու կու գար»: Ան ոճիրը «ահաւոր» նկատելէ ետք նշեց, որ «սպանութեանց շուրջ հետաքննութիւնը կը շարունակուի: Ներկայիս ճիշդ քայլը սպասելն է եւ յայտնաբերելը, թէ ո՞վ սպաննեց զանոնք եւ ինչո՞ւ»:
Նշենք, որ չորեքշաբթի օր Փարիզի մէջ Քրտական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ սպաննուած էին ՔԱԿ-ի հիմնադիրներէն Սաքինէ Ճանսըզ, Պրիւքսելի մէջ Քրտական ազգային քոնկրեսի 32-ամեայ ներկայացուցիչ Ֆիտան Տողան, ինչպէս նաեւ «երիտասարդ գործիչ» մը` Լէյլա Սէօյլեմեզ:


