Նալբանդեան Ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական Հաստատութիւններու Եւ Մարդկային Իրաւանց Րասենեակի Դիտորդական Առաքելութեան Ղեկավարը
Նախանցեալ օր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու գրասենեակի դիտորդական առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Հէյտի Թալիաւինին եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան դրական գնահատեց Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու գրասենեակին միջեւ հաստատուած համագործակցութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ ընտրական հոլովոյթներու կատարելագործման ուղղութեամբ կառոյցին կողմէ ցուցաբերուող աջակցութեան համար:
Նախարար Նալբանդեան վերահաստատեց 18 փետրուարին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւնները միջազգային չափանիշերուն համապատասխան կատարելու Հայաստանի իշխանութիւններու վճռականութիւնը: Նախարարը ընդգծեց, որ միջազգային կառոյցներու հետ համագործակցաբար ծաւալուն բարեփոխումներ իրականացուած են` մասնաւորաբար անցեալ տարի կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն տարի մը առաջ ընդունուած եւ ուժի մէջ մտած է նոր ընտրական օրէնսգիրքը, որ արժանացած է Վենետիկի յանձնախումբին եւ գրասենեակի հաւանութեան:
Դեսպան Թալիաւինի շնորհակալութիւն յայտնեց դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու նպատակով գրասենեակին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ յղուած հրաւէրին համար եւ վստահեցուց, որ դիտորդական առաքելութիւնը անաչառ պիտի ըլլայ:
Նախարարը նշեց, որ նախորդ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւնները դրական գնահատուած են միջազգային կառոյցներուն կողմէ, որոնք նաեւ համապատասխան առաջարկներ կատարած են ընտրական հոլովոյթները բարելաւելու նպատակով:
Դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը տեղեկացուց, որ մօտ ապագային Հայաստան պիտի ժամանեն գրասենեակի դիտորդական առաքելութեան կազմին մէջ ընդգրկուած երկարաժամկէտ դէտերը, եւ դիտորդական առաքելութիւնը պիտի սկսի աշխատիլ ամբողջական ծաւալով: Կը նախատեսուի, որ ընտրութիւններուն ընթացքին յաջորդեն 24 երկարաժամկէտ եւ շուրջ 250 կարճաժամկէտ դէտեր:
Նախարար Նալբանդեան, իր կարգին, վերահաստատեց արտաքին գործոց նախարարութեան պատրաստակամութիւնը, իր իրաւասութիւններուն ծիրին մէջ օժանդակելու դիտորդական առաքելութեան աշխատանքներուն:

