Երեւան Եւրոպական Միութեան Եւ Եւրասիական Միութեան Միջեւ Հակադրութիւն Չի Տեսներ

Արթուր Բաղդասարեան

Հայաստանի իշխանութիւնները հակադրութիւն չեն տեսներ արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ Եւրոպական Միութիւն եւ  Եւրասիական միութեան կամ Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան հարցին մէջ:

17 դեկտեմբեր 2012-ին Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուեցաւ այցեգիրերու դիւրացման մասին համաձայնագիրը: Միւս կողմէ, վերջին շրջանին շատ կը խօսուի Ռուսիոյ գլխաւորութեամբ Եւրասիական միութեան ստեղծման մասին, եւ այդ ծիրին մէջ Երեւանի մէջ չեն դադրիր քննարկումները, թէ ի վերջոյ ո՞ր ուղղութեամբ պէտք է ընթանայ Հայաստանը` դէպի Եւրոպական Միութի՞ւն, թէ՞ Եւրասիական միութիւն:

«Ռուսիա եղած է եւ կը մնայ մեր հիմնական ռազմաքաղաքական գործընկերը, եւ մենք այդ յարաբերութիւնը պէտք է խորացնենք, եւ այդ յարաբերութիւնը պէտք չէ հակադրենք Եւրոպական Միութեան», երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին` պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին յայտարարեց Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, Օրինաց երկիր կուսակցութեան առաջնորդ Արթուր Բաղդասարեան: «Մենք ատիկա ազնիւ ձեւով կը բացատրենք մեր գործընկերներուն: Երկու կողմերուն հետ այսօր շատ լաւ կ՛ընթանան յարաբերութիւնները, եւ մենք պէտք է շարունակենք այդ համագործակցութիւնը: Այդ համագործակցութիւնը ո՛չ իրար դէմ, ո՛չ ալ երրորդ կողմի դէմ ուղղուած է»:

Share this Article
CATEGORIES