Նալբանդեան Ընդունեց Եւրոպական Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարի Ներկայացուցիչը

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի նոր նշանակուած ներկայացուցիչ Օլեքսանտր Փաւլիւքը:

Ողջունելով Oլեքսանտր Փաւլիւքը` նախարար Նալբանդեան շնորհաւորեց զայն իր նշանակման առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ  անոր գործունէութեան ընթացքին պիտի շարունակուի յառաջընթացը միացեալ ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ:

Նախարարը կարեւոր նկատեց Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչին հետ աւելի սերտ համագործակցութիւնը մայիսին սկսող Եւրոպական խորհուրդին մէջ Հայաստանի նախագահութեան ընթացքին:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան եւ բարեմաղթանքներուն համար` Օլեքսանտր Փաւլիւք վստահեցուց, որ առաւելագոյն ջանքերը պիտի գործադրէ աջակցելու 2012-2014 թուականներուն Հայաստան – Եւրոպական խորհուրդ գործողութիւններու ծրագիրին մէջ նախանշուած գերակայութիւնները արդիւնաւէտօրէն կեանքի կոչելու համար:

Կողմերը անդրադարձան Հայաստանի մէջ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւններուն մասնակցութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )