ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակը Ցաւակցութիւն Կը Յղէ Քիւրտ Կին Գործիչներու Սպանութեան Առիթով

Հրաչ Վարժապետեան

Փարիզի մէջ քրտական ընդդիմադիր կուսակցութեան կեդրոնի գրասենեակին մէջ 10 յունուարի առաւօտեան պատահած ոճիրը ֆրանսական մամուլին կողմէ քաղաքական սպանութիւն կը յայտարարուի, յայտնեց ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Հրաչ Վարժապետեան եւ նշեց, որ կատարուածը քաղաքական յստակ սպանութիւն է: Քիւրտերը մեծ ցոյցեր կը կազմակերպեն, քաղաքական իշխանութիւններէն կը պահանջեն ոճիրի արագ բացայայտում:

«Եթէ ֆրանսական իշխանութիւնները սպանութիւնները շուտ բացայայտեն, իսկ ատիկա, կը կարծեմ, կ՛ընեն, քրտական շրջանակները, բնականաբար, «պիտի բաւարարուին»: Այս ամէնուն հետեւանքները, սակայն, բաւական լուրջ պիտի ըլլան. թէժ իրավիճակ պիտի ստեղծուի թէ՛ Փարիզի, թէ՛ այլ քաղաքներու մէջ», ըսաւ Վարժապետեան:

ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակը հայկական կազմակերպութիւններու հետ խորհրդակցելէ ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց ֆրանսական մամուլին մէջ, նախ` ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերուն համար, դատապարտելով այս արարքը, ատիկա որակելով թրքական պետական ահաբեկչութիւն, նաեւ պահանջելով, որ քիւրտ ու հայ գործիչներու եւ կազմակերպութիւններու պաշտպանութիւնը շատ աւելի ամուր դառնայ ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ:

«Շատ յստակ է, որ նոյնիսկ եթէ քրտական ներքին մաքրագործման ենթահող կու տան այս ամէնուն, ատիկա թրքական ահաբեկչութեան տարրեր կը պարունակէ», ըսաւ Վարժապետեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES