ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԵՑԱՒ ՄԻՆՉԵՒ ՄԱՐՏ 2012
Արաբական լիկան յայտարարեց, որ Պաղտատի մէջ այս ամիս նախատեսուած իր տարեկան վեհաժողովը Իրաքի պաշտօնական խնդրանքին հիմամբ մէկ տարիով յետաձգուած է: Լիկային հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Իրաքը կը պահէ մարտ 2012-ին վեհաժողովը հիւրընկալելու իր իրաւունքը:
Կը նախատեսուէր, որ նախ եւ առաջ վեհաժողովը տեղի ունենայ մարտին, սակայն հետագային արաբական աշխարհին մէջ տիրող կացութեան եւ վեհաժողովի վայրին` Պաղտատի ապահովութեան նկատմամբ մտահոգութեանց պատճառով յետաձգուեցաւ մինչեւ մայիս:
CATEGORIES Միջազգային