«ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ԲԱՑ ԵՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ Կ՛ԸՆԹԱՆԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեան երէկ «Արթիկ» քրէակատարողական հիմնարկին մէջ շուրջ մէկ ժամուան տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ «Հայկական ժամանակ» օրաթերթի բանտարկուած գլխաւոր խմբագիր Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ հիմա որոշեց հանդիպիլ Փաշինեանի հետ, Լեւոն Տէր Պետրոսեան յայտնեց, որ մթնոլորտը փոխուած է եւ երկրին մէջ ուրիշ քաղաքական վիճակ կը տիրէ:

«Նկատի ունիմ թէ՛ Ազատութեան հրապարակի արտօնումը հանրահաւաքներուն համար, թէ՛ 1 մարտի դէպքերուն բացայայտման պաշտօնական վստահեցումը, թէ՛ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման հոլովոյթը, որ պիտի աւարտի 28 մայիսին: Թերեւս մինչեւ 28-ը դուրս գան: Այս խորապատկերին վրայ, բնականաբար, իմ խնդրանքս` Փաշինեանին հետ հանդիպիլը, չէր կրնար մերժուիլ», ըսաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւ ընդգծեց, որ վերջին շրջանին իշխանութիւններուն եւ հասարակութեան միջեւ բաց, հրապարակային, շարունակական երկխօսութիւն կ՛ընթանայ:

Ըստ Տէր Պետրոսեանի ատիկա իրենց երազած պետութիւնն է, որ հասարակութիւնը եւ պետութիւնը բաց, հրապարակային, շարունակական երկխօսութեան մէջ ըլլան: Այս հոլովոյթը պէտք չէ աւարտի: Երկխօսութիւնը պէտք է մնայուն ըլլայ: Ան աւելցուց, որ ճգնաժամային պահերուն պէտք է դրուին սուր հարցեր, որոնք անմիջական լուծումներ կը պահանջեն, իսկ ճգնաժամերէն դուրս բնականոն կեանքի պայմաններուն մէջ միշտ ալ իշխանութիւնը եւ հասարակութիւնը երկխօսելու, բանավիճելու, զիրար համոզելու, իրարու պահանջներ ներկայացնելու կարիք ունին:

Լեւոն Տէր Պետրոսեան նաեւ յայտնեց, որ ոչ մէկ համաձայնութիւն կայ իշխանութիւններուն հետ,այլ` կայ բաց երկխօսութիւն:

«Մենք մեր պահանջները, մեր խնդիրները, մեր ծրագիրները բաց կը ներկայացնենք իշխանութիւններուն եւ հասարակութեան, եւ իշխանութիւնն ալ բաց պատասխաններ կու տայ անոնց: Անշուշտ ոչ այնքան յստակ եւ ուղիղ, ինչպէս մենք կ՛ըսենք, այլ աւելի մշուշապատ, բայց քայլեր կը կատարուին, ատիկա կարելի չէ անտեսել», նշեց ան:

Անդրադառնալով այն փաստին,որ Հայ ազգային քոնկրեսի վերջին հանրահաւաքին աւարտէն ետք, խումբ մը ընդդիմադիրներ ցանկացած են Ազատութեան հրապարակին վրայ նստացոյցի սկսիլ, բայց իրենք համոզած են, որ այդ քայլին չդիմեն, Լեւոն Տէր Պետրոսեան նշեց, որ ոչ մէկ բան եղած է, ժողովուրդին մեծամասնութիւնը շատ ճիշդ կը հասկնայ այս ամբողջ հոլովոյթը: «Բնականաբար կան անհամբեր մարդիկ, հոլովոյթը չհասկցող մարդիկ, որոնց կը թուի, թէ կարելի էր այլ ճամբով հարցերը լուծել: Ես վստահ եմ, որ այլ ճամբով մենք բոլոր հարցերը կը կործանէինք», հաստատեց Լեւոն Տէր Պետրոսեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES