Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Օմար Քարամէի

Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ երէկ Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին նախարարներ Ղազի Արիտի, Ալաէտտին Թըրրօ եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ, ինչպէս նաեւ Օմար Քարամէի խորհրդական Օսման Մաժզուպ:

Հանդիպումէն ետք Արիտի յայտնեց, որ Քարամէի հետ խորհրդակցած են Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանելու գծով, ինչպէս նաեւ անոր ներկայացուցած են Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի նախաձեռնութիւնը:

Արիտի շեշտեց, որ ինչ ալ ըլլայ կացութիւնը եւ ինչ ալ ըլլան մակարդակները, լիբանանեան պետութիւնն է, որ կ՛երաշխաւորէ բոլորին իրաւունքները:

Այս սկզբունքին համաձայն է նաեւ Օմար Քարամէ:

Արիտի շեշտեց նաեւ, որ Լիբանան անշեղ կը մնայ Սուրիոյ հարցերուն գծով որդեգրուած չէզոք կեցուածքէն` աւելցնելով, որ գետնի վրայ Սուրիոյ հարցերուն միջամտութիւնը կրնայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ Լիբանանի վրայ, ինչպէս նաեւ միջլիբանանեան յարաբերութիւններուն վրայ:

Արիտի շեշտեց, որ միջլիբանանեան երկխօսութիւնը անհրաժեշտութիւն է:

Իր կարգին, Քարամէ աւելցուց, որ իրենք քննարկած են երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները` նշելով, որ իրենց միջեւ հասարակ յայտարարներ արձանագրուած են:

Քարամէ շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան` անոր ներկայացուցած նախաձեռնութեան համար եւ աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ առանց ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան կարելի չէ ապրիլ:

Քարամէ գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց եւ աւելցուց, որ ընտրական օրինագիծը հիմնական է` պահպանելու համար Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը եւ բարձր պահելու համար լիբանանցիներուն տրամադրութիւնը, որ յաճախ կը քանդուի երկրին դիմագրաւած ապրուստի եւ տնտեսական ծանր պայմաններուն պատճառով:

Քարամէ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն` ծառայելու համար Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն գերագոյն շահերուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )