Մանսուր. «Կը Մաղթենք, Որ Արաբական Երկիրները Ընդառաջեն Մեր Պահանջներուն»

Մանսուր եւ Ասիրի

Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ յոյս յայտնեց, որ վաղը` կիրակի, 13 յունուարին Արաբական լիկայի անդամ երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարներուն արտակարգ նիստին ընթացքին կարելի կ՛ըլլայ ընդառաջել Լիբանանի պահանջներուն, որոնք կը վերաբերին Լիբանան հասած սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներուն կարիքներուն բաւարարման:

Մանսուր նշեց, որ Արաբական լիկայի արտակարգ նիստին ընթացքին Լիբանանի խօսքը ինք պիտի արտասանէ` աւելցնելով, որ Լիբանան նուազագոյնը 180 միլիոն տոլարի անմիջական կարիք ունի` հոգալու համար 150 հազար գաղթականի կարիքները: Ան յայտնեց նաեւ, որ Լիբանան փափաք պիտի յայտնէ, որ արաբական այլ երկիրներ իրենց կարգին հիւրընկալեն սուրիացի գաղթականները:

Մանսուր նշեց, որ գաղթականներուն վերաբերեալ ամբողջական թղթածրար մը պատրաստուած է եւ այդ թղթածրարը պիտի յանձնուի արտակարգ նիստին ներկայ արաբ արտաքին գործոց նախարարներուն:

Մանսուր նկատել տուաւ, որ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ժուտայի պահանջով կիրակի օր գումարուելիք արտակարգ նիստի օրակարգին վրայ աւելցած է նաեւ Յորդանան հասած սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին քննարկումը:

Միւս կողմէ, Մանսուր ընդունեց Ասիրին, որ նախարարին յանձնեց հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու յառաջիկայ 19 յունուարին գումարուելիք Տնտեսական բարգաւաճման արաբական վեհաժողովի նախապատրաստական նիստերուն:

 

Share this Article
CATEGORIES