Պքերքէի Մէջ Միջմարոնիական Հանդիպում` Ի Բացակայութիւն Ժահժահի

Ժեմայէլ, կարտինալ Ռայի, զօր. Աուն եւ Ֆրենժիէ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյեան Պքերքէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը:

Նիստէն բացակայեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, որուն մօտիկ աղբիւրներ աւելի ուշ յայտնեցին, թէ ան Պքերքէ չէ ուղղուած, որովհետեւ հանդիպումին լուրը սպրդեցուած է լրատուամիջոցներուն եւ մամուլին:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ անհրաժեշտ է յանգիլ ընտրական այնպիսի օրէնքի մը, որ բոլոր համայնքներուն լաւագոյն ներկայացուցչութիւնը կ՛ապահովէ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Ժահժահ հանդիպումին ներկայ չէ գտնուած` ապահովական պատճառներով:

Հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Սուրիոյ զարգացումներն ու Լիբանանի վրայ անոնց ունենալիք ծանր հետեւանքները:

Նշենք, որ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս շեշտեց, որ Պքերքէ կ՛ողջունէ եւ կ՛օրհնէ միջլիբանանեան որեւէ համախոհութիւն. ան աւելցուց, որ պէտք է վաւերացնել ընտրական այնպիսի օրինագիծ մը, որ կ՛ապահովէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը:

Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ իրենց ըսուած է, թէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը քրիստոնեայ համայնքին ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովող միակ լաւագոյն օրինագիծն է. ան աւելցուց, որ իրենք չեն սերտած այդ օրինագիծին սահմանադրական կամ հակասահմանադրական ըլլալու իրականութիւնը, որովհետեւ անիկա փորձագէտներուն աշխատանքն է:

Մազլում եպիսկոպոսը յայտնեց նաեւ, որ Պքերքէ տեղեակ է, որ քրիստոնեաներէն ոմանք դէմ են այդ օրինագիծին եւ թէ հանրապետութեան նախագահը կը մեղադրէ որոշ կողմեր, որոնք նախապէս իրեն հետ չեն խորհրդակցած, «բայց եւ այնպէս Պքերքէ կը ջանայ միասնականացնել քրիստոնեաներուն կեցուածքները` պահպանելով անոնց շահերը», ըսաւ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES