Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած ժողովին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը տուաւ կարգ մը որոշումներ` խորհրդակցութիւններ ունենալէ ետք անդամներուն մեծամասնութեան հետ:
Որոշուեցաւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ եւ ֆետերասիոնի փոխնախագահ Րաֆֆի Մումջողլեանի թեկնածութիւնը առաջադրել` փինկ փոնկի միջազգային ֆետերասիոնին անդամ դառնալու համար, ինչ կը վերաբերի այս մարզաձեւին սարքերուն գծով որոշումներ տալուն:
Յառաջիկայ 26 յունուարին տեղի ունենալիք Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընտրութիւններուն ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա պիտի ըլլայ ֆետերասիոնին թեկնածուն:
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Միշել Տըշատարեւեանի անունը առաջադրուեցաւ Ասիոյ ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն համար:
Շապապ Ֆաուար ակումբի տնօրէն Հասան Հասան երեք տարիով կախակայուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Մարաքեշի մէջ (Մարոք) տեղի ունեցած Արաբական ակումբներու 24-րդ ախոյեանութեան ակումբի պատուիրակութեան նախագահի պաշտօնը լաւապէս չէր կատարած եւ ունեցած էր իր պաշտօնին անյարիր կեցուածքներ:
Որոշուեցաւ ֆետերասիոնին 2012-ի ախոյեաններուն մրցանակաբաշխութիւնը կատարել «Ամին» ճաշարանին մէջ (Ժամհուր)` հովանաւորութեամբ Ուատիհ Ապսիի:
Յառաջիկայ 17-19 յունուարին Մոն լա Սալի մԷջ (Այն Սաատէ) տեղի պիտի ունենայ «Սաֆիր» օրաթերթին բաժակի մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տղոց եւ աղջկանց ընդհանուր դասաւորման առաջին ութ դիրքերը գրաւած մարզիկները

