Արթուր Աբրահամ Պարգեւատրուեցաւ «Պօղոս Նուպար» Մետալով
Կռփամարտի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի կողմէ պարգեւատրուեցաւ նախարարութեան «Պօղոս Նուպար» մետալով, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը:
Նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած պարգեւատրման ընթացքին, նախարար Յակոբեան բարձր գնահատեց Աբրահամի ներդրումը` հայկական եւ միջազգային մարզաշխարհին մէջ:
Իր կարգին, Աբրահամ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին` զինք այսպիսի բարձր պարգեւի արժանացնելուն համար:
Ան ըսաւ, որ պատրաստ է համագործակցիլ սփիւռքի նախարարութեան հետ եւ մասնակցիլ` անոր կողմէ իրագործուելիք ծրագիրներուն:
CATEGORIES Մարզական

