Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Շապապ Հումին Թահթա Մրցումը` Քֆարժոզի Մէջ

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը պիտի մեկնի հարաւ, ուր Քֆարժոզի դաշտին վրայ պիտի մրցի Շապապ Հումին Թահթա խումբին դէմ: Մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին` մնացեալ մրցումներուն նման:

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին գումարած վերջին ժողովին, ՀՄԸՄ-ի խումբին մաս կազմող Անթոնի Զէյտան, որ նախորդ շաբաթավերջին Թատամոն Պէյրութի դէմ տեղի ունեցած մրցումին կարմիր քարտ մը ստացած էր` մարզիկի մը զարկած ըլլալուն պատճառով, երեք մրցումով կախակայուեցաւ:

Ասիկա կը նշանակէ, որ ան մինչեւ երթի մրցումներուն աւարտը պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )