Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Պէյրութի Փոխարէն` Մանիլա
Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին թեքնիք յանձնախումբը իր գումարած նիստերէն մէկուն ընթացքին որոշեց Ասիոյ պասքեթպոլի ազգային խումբերու 27-րդ ախոյեանութիւնը Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութէն փոխադրել Ֆիլիփեան կղզիներու մայրաքաղաք Մանիլա:
1-11 օգոստոսին տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան Լիբանանի մէջ չկայանալը հետեւանք է շրջանին մէջ տիրող անապահով կացութեան:
Իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին, Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան ըսաւ. «Դժբախտաբար, ախոյեանութիւնը տեղի պիտի չունենայ Լիբանանի մէջ: Շրջանին մէջ տիրող անապահով կացութիւնը եւ ի մասնաւորի Սուրիոյ մէջ շարունակուող կռիւները բնականաբար իրենց վատ անդրադարձը ունեցան նաեւ Արեւմտեան Ասիոյ երկիրներուն համար, որոնց կարգին` բնականաբար Լիբանան: Այս իրականութենէն մեկնելով, որոշում տուինք ախոյեանութիւնը կատարել աւելի ապահով միջավայրի մը մէջ»:
Ասիոյ 27-րդ ախոյեանութեան աւարտին առաջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն 2014-ի Մոնտիալի աւարտական հանգրուանին իրենց տոմսերը. սոյն Մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ Սպանիոյ մէջ:
Նշենք, որ Ֆիլիփեան կղզիներու պասքեթպոլի ֆետերասիոնը նախորդ սեպտեմբերին արդէն իսկ խնդրագիր ներկայացուցած էր` հիւրընկալելու այս ախոյեանութիւնը, մանաւանդ որ անիկա վերջին անգամ այս մրցաշարքը հիւրընկալած էր 40 տարի առաջ (1973-ին)` դարձեալ Մանիլայի մէջ:


