Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պըրժ Այնթուրա, Ապա` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Սանթրալ
Այսօր` շաբաթ, 12 յունուար 2013-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի կազմերը մրցումներ ունին կատարելիք:
Լիբանանի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս երեկոյեան ժամը 17:00-ին պիտի հիւրընկալէ Պըրժ Այնթուրան:
Այս մրցումին պիտի յաջորդէ ՀՄԸՄ Պէյրութ Սանթրալ մրցումը` երեկոյեան ժամը 18:30-ին. անիկա կ՛իյնայ տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները արձանագրած են յաղթանակ մը եւ կրած պարտութիւն մը, մինչ ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը արձանագրած են յաջորդական չորս յաղթանակներ:
CATEGORIES Մարզական

