Բնութիւն Եւ Մարդ. Ձօն` Ծաղիկին

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

«ԳԻՏԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱՅՆ ԿԸ ՀԱՐՍՏԱՑՆԷ ԾԱՂԻԿԻ ՄԸ ՍՏԵՂԾԱԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՆ, ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԵՐԿԻՒՂԱԾՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄԸ», ԿԸ ԳՐԷ ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ՊԼՈԿԻՆ ԻՐ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԳՈՂՏՐԻԿ ԵՒ ԽՈՐԻՄԱՑ ՍԻՒՆԱԿՆԵՐԷՆ ՄԷԿՈՒՆ ՄԷՋ, ԵՒ ԱՆՈՒԱՆԻ ԳԻՏՆԱԿԱՆԷ ՄԸ ՆԵՐՇՆՉՈՒԱԾ` ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ:

Ռիչըրտ Ֆէյնման սովորական հանճար մը չէ: Ան գիտական մշակոյթի ախոյեանն է, շարժուն գծանկարի ձեւով գծուած երեւակայական վէպերու հերոսը, պարկեշտութեան խաչակիրը, գիտութեան բանալին բռնած անձը, ապագայ սերունդներու խորհրդատուն, թմբկահար մը: Քրիսթաֆըր Սայքս 1981-ին Ֆէյնմանի մասին վաւերագրական ժապաւէն մը պատրաստած էր «Պի. Պի. Սի.»ի համար: Ժապաւէնը կը կոչուէր «Տը փլեժըր աֆ ֆայնտինկ թինկզ աութ» (բաներ յայտնաբերելու հաճոյքը): Անիկա մեզի կը փոխանցէր անուանի բնագէտին անժամանցելի բառերը` գեղեցկութեան, պատիւներու եւ հետաքրքրութեան մասին, ինչպէս նաեւ` անոր այն հոյակապ բացատրութիւնը, թէ իրականութեան մէջ ուրկէ՛ եկած են ծառերը: Իսկ Ֆրէյզըր Տէյվիտսըն այս ժապաւէնէն մաս մը շարժուն գծանկարի ձեւով վերարտադրելով` հիանալի պատկերներով կը ներկայացնէ Ֆէյնմանի կարճ եւ վերամբարձ մենախօսութիւնը, որուն մէջ ան կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ գիտութիւնը կը հարստացնէ կեանքը,  եւ ոչ թէ կը նսեմացնէ անոր խորհրդաւորութիւնը:

Ֆէյնմանի մենախօսութեան կորիզը կը կազմէ այն գաղափարը, թէ պէտք է ոգեկոչել խորհրդաւոր բաներու գեղեցկութիւնը, ընդունիլ անծանօթը եւ կեանք տալ հարցադրումներուն: Այս բոլորը գեղեցիկ նշանաբաններ են, որոնց վրայ կարելի է խարսխել նոր տարին:

Ունիմ արուեստագէտ բարեկամ մը, որ որդեգրած է հայեցակէտ մը, որուն համաձայն չեմ շատ: Ան կ՛առնէ ծաղիկ մը եւ կ՛ըսէ. «Տե՛ս` ի՜նչ գեղեցիկ է»: Համաձայն կը գտնուիմ: Ապա կ՛ըսէ. «Ես իբրեւ արուեստագէտ` կրնամ տեսնել, թէ որքա՛ն գեղեցիկ է այս ծաղիկը, սակայն դուն իբրեւ գիտնական` կը բզկտես այս ծաղիկը, եւ անիկա կը դառնայ անհրապոյր բան մը»: Կը մտածեմ, թէ անոր ուղեղը քիչ մը խախտած է: Նախ` այն գեղեցկութիւնը, որ ինք կը տեսնէ, կ՛ենթադրեմ, թէ տեսանելի է նաեւ ուրիշներուն, ինչպէս նաեւ` ինծի…

Ես կրնամ գնահատել ծաղիկի մը գեղեցկութիւնը: Միաժամանակ շատ աւելին կը տեսնեմ ծաղիկին մէջ, քան ինչ որ ինք կը տեսնէ: Ես կրնամ երեւակայել անոր մէջ գտնուող բջիջները, ներսը կատարուող բարդ գործողութիւնները, որոնք իրենց հերթին գեղեցիկ են: Ըսել կ՛ուզեմ, թէ ծաղիկի մը գեղեցկութիւնը միայն անոր մէկ սանթիմեթր տրամագիծին մէջ չի գտնուիր: Անոր գեղեցկութիւնը կարելի է տեսնել աւելի փոքր չափերու մէջ, անոր ներքին կառուցուածքին եւ գործընթացներուն: Այն իրողութիւնը, թէ ծաղիկին գոյները եղափոխուած են` ներգրաւելու համար միջատները, որպէսզի բեղմնաւորեն զայն, հետաքրքրական է: Ասիկա կը նշանակէ, թէ միջատները կարողութիւնը ունին տեսնելու գոյները: Այստեղ կը ծագի հարցում մը. արդեօք գեղագիտական այս զգացողութիւնը գոյութիւն ունի՞ նաեւ ներքին եւ անտեսանելի մակարդակներու վրայ: Այսինքն` ինչո՛ւ գեղագիտական է այս զգացողութիւնը: Բոլոր տեսակի հետաքրքրական հարցումները, զորս կը դնէ գիտութիւնը, միայն կ՛աւելցնեն ծաղիկի մը ստեղծած խանդավառութիւնը, խորհրդաւորութիւնը եւ երկիւղածութիւնը: Չեմ հասկնար, թէ ինչպէ՛ս կը պակսեցնեն զանոնք:

Եկէք` ձայնակցինք Ֆէյնմանի, որ կը շեշտէ գիտութեան եւ մշակոյթի մէջ անծանօթին կարեւորութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )