ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ԻՐԱՏԵՍԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋ (Լիբանանի Նահատակաց Օրուան Առիթով)
Մայիս 6-ի նշումը լիբանանեան քաղաքական հրապարակին վրայ այս տարի տարբեր եւ զանազան լուսարձակներ խլելու նախադրեալներ կը պարփակէր իր մէջ: Սկզբունքով:
Այս մօտեցումը յայտնապէս լիբանանեան տարողութիւն չի ստանար եւ տրամաբանական սկզբունքը չի գործեր: Լիբանանեան քաղաքական թէ հասարակական հաւաքական մտածողութեան մէջ ամբողջովին տարանջատուած են Օսմանեան կայսրութեան օրուան ջարդարարներն ու այսօրուան Թուրքիոյ խաղաղապահներն ու հակամարտութիւններուն լուծում բերելու համար ինքնաառաջադրուած դիւանագէտները:
Քաղաքական տրամաբանութիւնը հասկնալիօրէն որոշ պահեր կը շրջանցէ նման կացութիւններ, այլ ժամանակներու համար վերստին յիշելու համար անցեալը: Քաղաքական շահերը` պետական թէ ազգային, մետասաներորդ պահուն որոշ դիպաշարներ վերարծարծելու անհրաժեշտութիւնը կ՛ընդգծեն, այլ ժամանակներու համար յատուկ զգուշաւորութեամբ շարժելու եւ պատմական կարեւոր ժամանակաշրջաններէն արագ անցնելու համար:
Այսպէ՛ս է, երբ արաբական հողամասեր Թուրքիայէն պահանջելու ժամանակը կու գայ յանկարծակիօրէն եւ ապա երկար ատեն ոեւէ անհատ կամ որեւէ քաղաքական հոսանք նպատակայարմար չի տեսներ նման պահանջատիրական թղթածրար բանալը:
Քաղաքական բանականութեան մէջ հասկնալի եւ ընդունուած ու օրինաչափ երեւոյթներ են ասոնք: Խնդիրը այս պարագային անպայման քաղաքական դիտարկումի հետ կապուած չէ: Ազգի մը հաւաքական յիշողութիւնը վառ պահելու անսակարկելի սկզբունքային մօտեցումն է, որ քաղաքական տրամաբանութեան ելեւէջներուն հետ կապ չունի բացարձակապէս:
Ազգերու պատմութիւնները իրենց հպարտառիթ թէ ընկճող հանգրուաններով, իրենց յաջողութիւններով թէ ձախողութիւններով, յաղթանակներով թէ պարտութիւններով ու ջարդերով ազգային անհպելի գանձարանին մաս կը կազմեն, սերունդներու դաստիարակութեան հետ կապ ունին եւ քաղաքացիական հասարակարգի ճիշդ ձեւաւորման համար առաջնային բաղադրիչներ են:
Այս տեսութիւնները լոյսին կու գան այս օրուան առիթով, որովհետեւ խնդիրը ո՛չ Լիբանան-Թուրքիա յարաբերութիւնները ականահարելու կը վերաբերի, ո՛չ լիբանանցիութեան յաւելեալ դաս տալու բարդոյթի եւ ո՛չ ալ շրջանային մակարդակի վրայ ստեղծուած թրքանպաստ ենթահողը անտեսելու քաղաքական ջայլամութեան:
Պարզ ու մեկին: Ազգի մը նահատակներուն յիշատակը յարգելը կապ չունի քաղաքական կեցուածքներու յարափոփոխելիութեան հետ: Հաւաքական ինքնամոռացութեան եւ ժխտողականութեան իւրօրինակ տեսակի աքթ է, որուն կը դիմէ լիբանանեան պետութիւնն ու իր ճամբով նաեւ լիբանանեան հասարակութիւնը` տարիներու աւանդութիւնը խախտելով, նահատակներու յիշատակի օրը չնշելով: Հասկնալի բայց ոչ ընդունելի կ՛ըլլայ անշուշտ, երբ ջարդարար կողմը ի՛նք մոռացութեան մատնէ ջարդ գործած ժողովուրդին նկատմամբ զոհերու յիշատակի օրը: Սեփական նահատակները չյարգելը սակայն արտակարգ իրավիճակ մը կ՛ընդգծէ:
Այս աւանդութեան խախտումը կրնայ դուռ բանալ քաղաքական տարբեր հովերու ազդեցութեան տակ ուրիշ տօներ եւս մոռացութեան տալու: ինքնակամ հրաժարելու ազգային գաղափարախօսութեան իմաստ ունեցող յիշատակի օրերէն:
Լիբանանի նահատակներուն օրը հազուագիւտ այն օրերէն է, որ համալիբանանեան արժէք ունի: Համայնքային մօտեցումներու առաջնահերթութիւնը այստեղ որեւէ ազդեցութիւն չունի: Թերեւս ա՛յս է նաեւ պատճառը, որ բոլոր համայնքներու ուշադրութեան կիզակէտէն հեռու յայտնուած է ա՛յս օրը:
Նահատակաց օրուան առիթով պարզ յիշատակումը պահանջ կը դրուի, այո՛: Սակայն արդար է նաեւ քաղաքական վերլուծումներ կատարելու ակնկալութիւնը` իմանալու համար թրքական բազմաճիւղ թափանցումի այս նոր տարողութեան հետեւանքները: Եզրակացնելու համար, թէ երէկուան ջարդարարը այսօր ինչո՞ւ խաղաղապահի, միջնորդի եւ բարեգործի տարազներով ներկայ է մայրիներու երկրին մէջ:
Կը թուի սակայն, որ այս պայմաններուն մէջ յիշատակի օրը յարգելէն աւելին ակնկալելը յարմար չէ: Առնուազն իրատեսական չէ: