ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Քերիմ Բագրատունին: Անոնք քննարկեցին շրջանային եւ յատկապէս լիբանանեան քաղաքական վերջին իրադարձութիւնները:
«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ կազմութիւնը լիբանանեան ներքին հարց է» ընդգծեց Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի երէկ` նախարար Ղազի Արիտիին տուած իր այցելութեան ընթացքին:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութեան արտերկրի լիբանանցիներու բաժանմունքը երէկ կոչ ուղղեց առանց անցագիրի Ապիճանէն Լիբանան դարձած (Աքրայի ճամբով) լիբանանցիներուն ստանձնելու իրենց անցագիրները:
ԱՆԾԱՆՕԹՆԵՐ չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող վաղ առաւօտուն փամփուշտի չորս զարկեր արձակած են Տըքուանէի քաղաքապետ, իրաւաբան Անթուան Շախթուրայի գրասենեակին ուղղութեամբ: Ըստ Շախթուրայի, այս յարձակումը հակազդեցութիւն է իր ունեցած պատկերասփռուած ելոյթներուն, ուր կը հաստատէր, որ ապօրինի բախտախաղի, համացանցի կեդրոններու եւ այլ օրինազանցութիւնները պիտի վերանան:

