ԳԱՐՆԱՆԱՄՈՒՏԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏԱՅԻՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԵԱՆՑ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. «ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԵՐԿՈՒ ԵՐՐՈՐԴԸ ԿԸ ԲՆԱԿԻ ԾՈՎԵԶԵՐԵԱՅ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԿԱՐԱՊԵՏ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
Իւրաքանչիւր գարնանամուտին լիբանանցիք կը մտատանջուին մթնոլորտի ապականութեան ու ծովափներու մաքրութեան հոգերով: Փաստօրէն, հետզհետէ կը նօսրանան երբեմնի իր մշտադալար ծառերով ու կանաչապատ տարածքներով ճանչցուած Լիբանանի անտառածածկ շրջանները, ինչ որ առաւել եւս հեղձուցիչ կը դարձնէ առանց այդ ալ ապականած մթնոլորտը: Այս առումով, կենսոլորտի մաքրութեան հետամուտ միջազգային «Կրինփիս» կազմակերպութեան ովկիանոսներու մաքրութեան արշաւի շրջանային պատասխանատու Կարապետ Գազանճեան իր մտահոգութիւնը յայտնեց:
«Ժարաս» ձայնասփիւռի կայանի խօսնակ Ճոնի Սըտտիքի հարցումներուն պատասխանելով` Գազանճեան յայտնեց, որ «Կրինփիս» յաջողած է քանի մը հարիւր կամաւորներու օժանդակութեամբ «մաքրել» լիբանանեան ծովափի գէթ հիւսիսային մասը:
«Մենք արդէն յատուկ ճիգերու ձեռնարկած ենք արգելոցներ հաստատելու լիբանանեան ծովափին, մասնաւորաբար Ժիպէյլի շրջանին մէջ», ընդգծեց Գազանճեան` դիտել տալով, որ այս գծով կապ հաստատած է Ժիպէյլի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթի հետ, որ պատրաստակամութիւն յայտնած է գործակցելու, եւ «այժմ կը սպասենք Ժիպէյլի քաղաքապետարանի պատասխանին` մեր ներկայացուցած պաշտօնական թուղթերուն գծով»:
«Լիբանանցիներու երկու երրորդը կ՛ապրի ծովեզերեայ շրջաններուն մօտ: Առ այդ, մեր այս արշաւը կը միտի նախ «մաքրել» ծովափը եւ երկրորդ` առիթ ստեղծել, որ ծովեզերեայ այս շրջանները վերակենսաւորուին, անասունները պաշտպանուին եւ կենսոլորտը բիւրեղանայ», ընդգծեց «Կրինփիս»ի հայազգի պատասխանատուն: