ՆԱԽԱՐԱՐ ՏԷՏԷԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԱՐԶԻ ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐԵՐԸ

Ճարտարարուեստի գործավար նախարար Աբրահամ Տէտէեան երէկ ընդունեց Հիւսիսային Մեթնի ճարտարարուեստի սեփականատէրերու համախմբումի վարչական կազմը` գլխաւորութեամբ Շարլ Մոլըրի: Քննարկուեցան շրջանին մէջ ճարտարարուեստի մարզին պարզած իրավիճակը, վառելանիւթերու սակագիներու բարձրացման եւ ելեւմուտքի նախարարութեան ներկայացուցած տուրքերու ջնջումի առաջարկներուն լոյսին տակ:

Նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Տանի Ժատաոնի ներկայութեան տեղի ունեցած այս հանդիպումին աւարտին, Մոլըր քննադատեց ելեւմուտքի նախարարութեան տուրքերու ջնջումի քայլը` ընդգծելով, որ իբրեւ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրեր եւ պատասխանատուներ, մեր իրաւունքն է պատշաճեցուած յարմար տուրքերու դրութիւն որդեգրել` գործադրելով դէպի Լիբանան ապրանք արտածող երկիրներու հետ կնքուած համաձայնագիրները: Մոլըր դիտել տուաւ, թէ Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզը օժտուած է մարդուժի թէ գործնական բաւարար կարելիութիւններով` բարձրորակ մակարդակի յանգելու համար: Ան բարձր գնահատեց լիբանանցի ճարտարարուեստի մարզի գործարարներու վճռական դիմադրականութիւնը` այս մարզը հարուածել փորձող բոլոր արգելքներուն դէմ:

Հիւսիսային Մեթնի ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու համախմբումի նորընտիր նախագահ Շարլ Մոլըր այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց ճարտարարուեստի նախարարութեան եւ յատկապէս նախարար Տէտէեանին, որ «ճիգ չխնայեց մօտէն հետեւելու մեր մարզի հարցերուն` քաջալերական խթաններ ներկայացնելով ճարտարարուեստի մարզին մէջ ներդրում կատարող գործարարներուն:

«Ճարտարարուեստի նախարարութիւնը կը նկատենք մեր տունը եւ արժանահաւատ հեղինակութիւն մը` ճարտարարուեստի մարզի բոլոր պատասխանատուներուն համար», ընդգծեց Մոլըր:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳԾՈՎ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄ

Միւս կողմէ, ճարտարարուեստի նախարար Աբրահամ Տէտէեան յառաջիկայ երեքշաբթի, 10 մայիսին պիտի հովանաւորէ «Իրողութիւններ եւ թուանշաններ» խորագիրով ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն հրապարակումը` լիբանանեան համալսարանի ճարտարարուեստական հետազօտութեան հիմնարկին մէջ, Հատաթ:

Այս առիթով խօսք պիտի առնեն նախարար Աբրահամ Տէտէեան, ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամէ Աֆրամ եւ այլ ներկայացուցիչներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES