ՉԷԶՈՔ ԿԱՄ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵԼՈՎ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԷ
«Լիբանան պէտք ունի իր պատասխանատուութիւնները ստանձնող կառավարութեան», յայտարարեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ` Հռոմէն իր վերադարձին: «Մենք պէտք ունինք երիտասարդներուն առջեւ ապագայի եւ յոյսի դռներ բացող խոստումներու եւ ոչ թէ յուսալքիչ կեցուածքներու», շարունակեց Ռայի պատրիարքը` կոչ ուղղելով դժուարութեան պարագային` չէզոք կամ մասնագէտներու կառավարութեան կազմութեան:
ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Միւս կողմէ, քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերու վեհաժողովի նախապատրաստ ճիգերը շարունակուեցան երէկ: Յառաջիկայ 12 մայիսին Պքերքէի մէջ տեղի ունենալիք այս վեհաժողովին ակնարկելով` քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի անդամ Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ այս առիթով հրապարակուելիք հաղորդագրութիւնը զանց պիտի առնէ զէնքի եւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գծով Միջազգային դատական ատեանի հարցերը: