Ամանորեան Տօնակատարութիւն Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» Սրահին Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ»  կոմիտէի ընկերային յանձնախումբին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, գործակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, ուրբաթ, 4 յունուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի տօնակատարութիւն:

Ձեռնարկը կը կայանար յաջորդական երրորդ տարին ըլլալով, սակայն այս անգամ յատուկ կազմակերպուած էր Պուրճ Համուտի մէջ բնակող սուրիահայ պատանիներու համար: Արդարեւ, այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին 8-10 տարեկան սուրիահայ, իրաքահայ, «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան եւ համակիր 200 պատանիներ:

Յայտագրի պատրաստութիւնը ստանձնած էին «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան անդամները, որոնց օժանդակեցին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի սկաուտական միաւորներ, որոնք զանազան տիպարներ հագուած` ճոխացուցին մթնոլորտը:

Օրուան հանդիսավարն էր Հրակ Աւետանեան, որ ներկայ պատանիները հրաւիրեց խաղալու, պարելու եւ զուարճանալու` աճպարարի ցուցադրութեամբ: Խաղերը շահողները ստացան նուէրներ` տրամադրուած Caroline’s Gift հաստատութենէն:

Ձեռնարկին ընթացքին պատանիներուն այցելեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդն Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանը:

Սրբազան հայրը իր ողջոյնի խօսքէն ետք դիմելով պատանիներուն` բացատրեց, թէ կեանքի մէջ կան ուրախ եւ դժուար ու տխուր պահեր, բայց ան ըսաւ. «Պէտք է կեանքի մէջ միշտ ուրախ ըլլալ եւ լաւ բաներու մասին մտածել եւ ձգել, որ մեծերը հոգան այդ դժուարութիւնները: Ոեւէ փոքրիկ ինքզինք առանձին պէտք չէ զգայ»: Ան աւելցուց. «Դուք որքան ուրախ ըլլաք, մենք աւելի ուրախ կ՛ըլլանք»:

Բոլոր պատանիները հիւրասիրուեցան կազմակերպիչ յանձնախումբին ու ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի անդամներուն պատրաստած համեղ ուտելիքներով: «Յայտագիրը աւելի եւս ճոխացաւ Կաղանդ պապայի ժամանումով, որուն կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբէն խմբակ մը, որ տօնական ճոխ եղանակներով խանդավառութիւն ստեղծեց:

Կաղանդ պապան խմբային նկար նկարուելէ ետք նուէրներ բաժնեց բոլոր պատանիներուն: Նուէրները տրամադրուած էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ:

Հարկ է նշել, որ 3 ժամ տեւած յայտագրին մուտքը ազատ էր եւ բոլոր պատանիները մեծ գոհունակութեամբ բաժնուեցան սրահէն: Ծնողները այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեցին կազմակերպիչ յանձնախումբին` այս նախաձեռնութեան համար:

Share this Article
CATEGORIES