Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍՈՒՐԻՈՅ Ռապլէ շրջանին մէջ անցեալ շաբաթ առեւանգուած 7 լիբանանցիները ազատ արձակուեցան:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ խստիւ դատապարտեց արգելափակեալ լիբանանցի գործիչ Ժորժ Ապտալլան ազատ արձակելու Ֆրանսայի որոշումը: Կը նախատեսուի, որ Ապտալլա այսօր յետմիջօրէին հասնի Պէյրութի միջազգային օդակայան:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ Մինային մօտակայքը երէկ բացայայտուած են երեք ձեռնառումբեր, որոնք վնասազերծուեցան բանակին սակրաւորներուն կողմէ: Բանակը անմիջապէս հետաքննութիւն բացաւ այդ թղթածրարին մասին:

ՍԱՅՏԱՅԻ մէջ երէկ ականի նմանող երկու սարքեր բացայայտուեցան: Այս պատճառով ներքին ապահովութեան ուժերը փակեցին դէպի Զաաթարի մզկիթ տանող բոլոր ճամբաները: Աւելի ուշ յստակ դարձաւ, որ գտնուած սարքերը պայթուցիկ նիւթեր չեն պարունակեր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հանդիպում մը պիտի խնդրէ` քննելու համար ընտրական օրէնքին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիտալ Թոհմէ յայտնեց, որ կան մարոնի համայնքի ղեկավարներ եւ խորհուրդներ, որոնք դէմ են Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի կոչ ուղղեց Արաբական լիկային ՕԹԱՆ-ին չվստահելու եւ աւելցուց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման կարելի է յանգիլ միայն այդ տագնապին մէջ արտաքին միջամտութիւններուն վերջ տալով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ յայտնեց, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը համայնքային բնոյթ ունի` աւելցնելով, որ Ուղղափառ համայնքին մշակած ընտրական օրինագիծը բոլոր համայնքներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է քաղաքական ներկայացուցչութեան արդարութիւն ապահովել եւ ոչ թէ խտրութիւն ստեղծել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապտել Մեժիտ Սալեհ շեշտեց, որ Ամալ շարժումը կը զօրակցի երկխօսութեան եւ կառչած կը մնայ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը բացառիկ է` իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ հաւասարութիւն ապահովելու առումով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցիլ արդար եւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանող ընտրական օրէնքի մը հիման վրայ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը ընտրական ոչ մէկ օրինագիծ ունի, այլ կը փափաքի երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սամիր Ժսըր կոչ ուղղեց գործադրելու Թաէֆի համաձայնագիրը, որուն համապատասխանող ընտրական օրինագիծը հիմնուած է հաւասարութիւն ապահովող համամասնական դրութեան վրայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ Ուղղափառ հանդիպումի օրինագիծը կը հարուածէ լիբանանցիներուն միջեւ հաւասարութեան կեցուածքը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին Ուղղափառ հանդիպումի մշակած ընտրական օրինագիծին կամ որեւէ օրինագիծի, որուն շուրջ միջքրիստոնէական համախոհութիւն կը գոյանայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը սահմանադրական է, որովհետեւ հաւասարութիւն կ՛ապահովէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ մեծամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը ազգային համերաշխութիւն կ՛ապահովէ, իսկ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը երկփեղկումը կը սրէ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ ինք հարց չունի յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ դաշնակցելու առումով:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին: «23 տարի շարունակ քրիստոնեայ համայնքին լուսանցքայնացման ընթացքին քրիստոնեայ անկախ անձնաւորութիւնները ո՞ւր էին», հարց տուաւ Սամի Ժեմայէլ:

ԸՍՏ Մուսթաքպալ հոսանքին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին միջեւ հանդիպում մը մօտալուտ է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ կուսակցութեան կողմէ հարցաքննութեան պիտի ենթարկուի` Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին դէմ իր կատարած ցեխարձակումներուն պատճառով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական պալատին մէջ Կիպրոսի նախագահ Տմիթրիս Խրիսթոֆիասի ի պատիւ սարքուած ընթրիքին ընթացքին ակներեւ եղած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ նախկին երեսփոխան Մանսուր Պոնի միջեւ առանձին հանդիպումը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հաւանական է, որ նախկին նախարար Միշել Սմահա յառաջիկայ երեք ամիսներուն ընթացքին ազատ արձակուի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ այս տարուան ընթացքին ելեկտրական հոսանքի տրամադրման դրութիւնը բարելաւելու գրեթէ բոլոր ծրագիրները պիտի գործադրուին:

ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ չէ ունեցած` Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին վերաբերեալ անոնց կեցուածքը փոփոխութեան ենթարկելու նպատակով:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ռայի պատրիարքը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը տեղեակ պահած է, թէ մարոնի պատրիարքութիւնը Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը պաշտօնապէս չէ որդեգրած իբրեւ ընտրական նոր օրէնքի նախագիծ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ աղբիւրներու համաձայն, Հըզպալլա Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին համաձայն գտնուած է` այլընտրանք մը չունենալուն պատճառով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի խստիւ կը դատապարտէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին` իմանալէ ետք, թէ Հարիրի Պէյրութի մէջ զինք պիտի փոխարինէ այլ թեկնածուով մը: Քապպանիի փոխարէն պիտի առաջադրուի Պուշրա Այթանիի թեկնածութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )