Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Մշակելու Արդարութիւն Եւ Ճշգրիտ Ներկայացուցչութիւն Ապահովող Ընտրական Օրէնք Մը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ պետական մարզին մէջ աշխատող գործիչներուն անշահախնդրօրէն ծառայելու ժողովուրդին եւ իրենց որոշումները ազատօրէն ու յանդգնութեամբ տալու:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց 1960-ի ընտրական օրէնքը շրջանցող ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու կարեւորութիւնը` դիտել տալով, որ լիբանանեան հանրութեան մաս կազմող որոշ կողմեր պէտք է հրաժարին իրենց անձնական շահերէն` հասնելու համար ընտրական այնպիսի օրէնքի մը, որ բոլոր համայնքներուն արդարութիւն եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Պութրոս Հարպը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս ընտրական օրինագիծին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Հարպ յայտնեց, որ իրենք համաձայն են Պքերքէի հաղորդագրութեան եւ Պքերքէի հետ կը գտնուին նոյն խրամատին մէջ: «Անհրաժեշտ է յանգիլ ընտրական միասնական օրէնքի մը, որ բոլոր համայնքներուն արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ», ըսաւ Հարպ:

Նշենք, որ նախանցեալ օր Ռայի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են զօրակցելու ընտրական որեւէ օրինագիծի, որ մեծամասնական դրութեան վրայ հիմնուած է եւ ոչ թէ համամասնական:

Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը Լիբանանին վնաս կը հասցնէ: «Համայնքներուն ներկայացուցչութիւնը կարեւոր է, սակայն լիբանանեան ազգային համերաշխութիւնն ու համագործակցութիւնը շատ աւելի կարեւոր են», ըսաւ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES