Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբը Այսօր Յետմիջօրէին Կը Հանդիպի
Ընտրական օրինագիծերը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբը այսօր յետմիջօրէին պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի վաւերացնէ ցարդ գումարուած նիստերուն ամփոփումը ներկայացնող ատենագրութիւնը եւ զայն յանձնէ խորհրդարանի նախագահին ու խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերուն:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն, որ ենթայանձնախումբին աշխատանքներէն իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկած էր, շեշտեց, որ ինք այսօրուան նիստին պիտի մասնակցի, որովհետեւ ենթայանձնախումբը որոշած է մինչեւ օրս իր աշխատանքներուն ամփոփումը պատրաստել, այլ խօսքով` իր պահանջը կատարել:
Աուն յայտնեց, որ եթէ պոյքոթի քայլին չդիմէր, ապա ատենագրութիւնը չէր արձանագրուեր ու վաւերացուեր եւ որոշ կողմեր յետս կը կոչէին նախապէս իրենց յայտարարած յանձնառութիւնը:
Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ եւ անոր ներկայացուց ուրբաթ երեկոյեան Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին արդիւնքները:
ՆՇԵՆՔ, որ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներէն, յայտնեց, որ Ժահժահ դժգոհ է Պքերքէէն հրապարակուած հաղորդագրութենէն:

