Պըրրի – Զօր. Քահուաժի Հանդիպում
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Պըրրիի այցելեց նաեւ Իսլամ-քրիստոնեայ գործատէրերու հանդիպումին մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Կի Պուլոս Նժէյմ եպիսկոպոսին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական կացութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Պատուիրակութիւնը Պըրրիին ներկայացուց յառաջիկայ 25 եւ 26 մարտին Լիբանանի մէջ գումարուելիք խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները: Նշուեցաւ, որ խորհրդաժողովին նիւթը պիտի ըլլայ հաստատութիւններու ընկերային պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ յայտնուեցաւ, որ ամբողջ աշխարհէն շուրջ 500 հոգի պիտի ժամանէ Պէյրութ` մասնակցելու սոյն խորհրդաժողովին:


