Գահիրէի Մէջ Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Արտակարգ Նիստ

Արաբ արտաքին գործոց նախարարները երէկ Գահիրէի մէջ գումարեցին արտակարգ նիստ մը` քննարկելու համար Սուրիոյ մօտակայ երկիրները հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող թղթածրարը:

Արաբական լիկային մէջ Լիբանանի պահանջով գումարուած այս նիստին ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր եւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր:

Իր խօսքին մէջ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն թիւին արձանագրած աճը կրնայ վտանգներ պատճառել` աւելցնելով, որ Լիբանան գաղթող սուրիացիներուն թիւը յառաջիկայ յունիսին պիտի հասնի 425 հազարի:

Ան նշեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ սուրիացի գաղթականներուն տարրական կարիքներուն հասնելու` նկատել տալով միաժամանակ, որ հակառակ տարակարծութիւններուն, Լիբանանի կառավարութեան մէջ կայ համախոհութիւն մը` գաղթականներուն դիմաց Լիբանանի սահմանները չփակելու:

Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանանի կարելիութիւնները արդէն իսկ սպառած են, որովհհետեւ արդէն իսկ Լիբանան հասած են աւելի քան 200 հազար սուրիացի գաղթականներ: «Բայց եւ այնպէս Լիբանան կը գիտակցի իր պարտականութեան եւ զօրակցութիւն եւ օժանդակութիւն կ՛որոնէ», ըսաւ ան:

Նիստին ընթացքին խօսք առաւ Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարը, որ յայտնեց, թէ Քուէյթ 30 յունուար 2013-ին պիտի հիւրընկալէ խորհրդաժողով մը եւ նուիրատու երկիրներէն կարելի եղածին չափ մեծ գումար մը պիտի գոյացնէ սուրիացի ժողովուրդին համար:

Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր նիստէն ետք յայտնեց, որ շրջանառութեան մէջ դրուած են յայտարարութիւններ, թէ մէկուկէս միլիառ տոլար պիտի յատկացուի Լիբանան, Յորդանան եւ Իրաք հասած սուրիացի գաղթականներուն օժանդակութեան համար:

Ան աւելցուց, որ Քուէյթի մէջ տեղի ունենալիք նուիրատու երկիրներու խորհրդաժողովին ընթացքին է, որ պիտի ճշդուին իսկական յատկացումները:

Նշենք, որ Արաբական լիկան որոշեց նաեւ սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալող երկիրները պատուիրակութիւններ գործուղել` ճշդելու համար գաղթականներուն իսկական կարիքները:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի բարձր գնահատեց սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու ճիգերը, ինչպէս նաեւ Քուէյթի իշխանին յանձնառութիւնը` նուիրատուութիւններ գոյացնելու եւ գաղթականները հիւրընկալող երկիրներուն յատկացնելու իմաստով: Ան յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն իրեն հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը եւ իրեն փոխանցած միջազգային ընտանիքին յանձնառութիւնը` օժանդակելու սուրիացի գաղթականներուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )