Պոլսոյ Մէջ Փորձած Են Հայուհի Մը Առեւանգել
Պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ հայուհի Մարիցա Քիւչիւքի սպանութենէն ետք, փորձած են այլ հայուհի մը առեւանգել, սակայն չեն յաջողած:
Հայուհին ուզած է Ս. Ծննդեան պատարագին մասնակցելու համար եկեղեցի երթալ, սակայն փորձած են անոր օգնելու պատրուակով զայն ստիպողաբար ինքնաշարժ նստեցնել: Կինը կրցած է հասնիլ եկեղեցի եւ դիմել ոստիկանութեան:
«Ակօս» նախապէս տեղեկացուցած էր, որ Սամաթիոյ մէջ հայուհիին սպանութենէն օրեր առաջ եւս նոյնպիսի բռնութիւն գործադրուած էր մէկ այլ տարեց հայուհիի դէմ, ինչի պատճառով ան մէկ աչքը կորսնցուցած էր:
Շաբաթաթերթը օրին նշած էր, որ թրքական ոստիկանութիւնն ու պատկան մարմինները կասկածելի լռութիւն կը պահեն:
Առեւանգման փորձին ականատեսները պատմած են, որ ծեր կնոջ մօտեցած է սպիտակ ինքնաշարժ մը, որուն մէջ երեք անձեր եղած են: Սկիզբը հարցուցած են, թէ արդեօք կը ճանչնա՞յ Ֆաթման անունով կին մը: Ապա ըսած են, որ իրենք օգնութիւն կը բաժնեն եւ կնոջ համոզած են ինքնաշարժ նստիլ: Կինը մերժած է եւ դժուարութեամբ հասած եկեղեցի:
Այժմ արդէն յայտնի է ոստիկանութեան ոչ պաշտօնական արձագանգը: Թրքական ոստիկանութեան աղբիւրները «Ակօս»-ին յայտնած են, որ իրենք ամէն ինչ կ՛ընեն Մարիցա Քիւչիւքի սպանութեան բացայայտման համար եւ ատոր համար շուրջ քսան ոստիկանական խումբ կ՛աշխատի:
Ազգային պատկանելիութեան պատճառով սպանութեան հաւանականութիւնը, ոստիկանութեան համոզումով, շատ փոքր է: Իսկ տարածուած տեղեկութիւնը, թէ սպաննուած կնոջ մարմինին վրայ դաշիւնով խաչ գծուած եղած է` ոստիկանութիւնը հերքած է: Սակայն թաղամասի բնակիչները կը նշեն, որ քանի տակաւին այդ սպանութիւնն ու միւս յանցագործութիւնները չեն բացայայտուած, թաղամասին մէջ հանգիստ պիտի չըլլան:
«Թէ՛ մեծահասակները, թէ՛ երեխաները հոգեբանական խնդիրներ ունին: Ծեր մօրս ըսած ենք, որ անծանօթ ոեւէ մէկու հետ չխօսի», ըսած է բնակիչներէն Անահիտ Ֆըրընճ:
Թաղամասի մէկ այլ կին բնակիչ` Վարդուհի Կէօզօղլու վերջին իրադարձութիւնները համեմատած է 1915-ի սկիզբին հետ:
«Բոլորս վախի մէջ ենք, կը մտածենք` արդեօք կարգը մեզի՞ ալ պիտի հասնի: Տունէն չենք կրնար դուրս գալ, դուռը կը վախնանք բանալ: Արդեօք այս յարձակումները 1915-ին վերադա՞րձ կը նշանակեն: Կ՛ուզենք, որ սպանութիւնն ու միւս յարձակումներն ալ մէկ վայրկեան առաջ վերջ գտնեն», ըսած է ան:


