50 Տարի Առաջ (15 Յունուար 1963)
1963-ը Բացառիկ Տարի
Բարօրութեան Եւ Խաղաղութեան
Տարի Պիտի Ըլլայ
Նոր տարիէն ի վեր աշխարհի բոլոր մասերուն մէջ բազմաթիւ գուշակներ նախատեսութիւններ կ՛ընեն` ցոյց տալով 1963-ը իբրեւ բացառիկ տարի մը: Բոլորն ալ կը յայտնեն, թէ բարօրութեան եւ խաղաղութեան տարի մը պիտի ըլլայ:
Անուանի գուշակներ կը յայտնեն, թէ`
– 1963-ին պատերազմ պիտի չըլլայ: Միջազգային տագնապներ պիտի ճնշեն ժողովուրդները, բայց երկպառակութիւնները պիտի նուազին: Յաջողութեան, բարգաւաճումի եւ խաղաղութեան տարի մը պիտի ըլլայ 1963-ը:
Պերլինի կնճռոտ հարցը պիտի հարթուի իրաւախոհութեան դաշինքով մը` համաձայն փրոֆ. Լոուի:
Ամէն մարզի մէջ 1963-ը խիստ բացառիկ տարի մը պիտի ըլլայ, կեանքը` դիւրատար:
Ֆրանսայի տնտեսական կացութիւնը պիտի բարգաւաճի` երկրագործական եւ ճարտարարուեստական յառաջդիմութիւններու շնորհիւ: Գիներու բարձրացումը կայուն վիճակ մը պիտի ստանայ:
Համաձայն Մառի-Ժանն Ֆրամինէի, Ֆրանսայի դրամը պիտի արդիւնաբերի եւ գնելու կարելիութիւնը պիտի աւելնայ:
Համաձայն Լինա Քարմովի, փետրուար ամսուն հրապարակը պիտի ոգեւորուի: Կառավարութեան միջամտութեան շնորհիւ` առաջքը պիտի առնուի գործադուլներու: Ձմեռը աւարտելէ ետք տնտեսական ձեռնարկներ պիտի ըլլան եւ օտար մեծ դրամագլուխներ պիտի տրուին Ֆրանսայի:
Զօրավար Տը Կոլ իշխանութեան գլուխ պիտի մնայ: Լինա Քարմով կը նախատեսէ, որ Ֆրանսայի եւ Ալճերիոյ յարաբերութիւնները պիտի բարելաւուին: Բազմաթիւ ֆրանսացիներ Գերմանիա պիտի երթան աշխատելու համար. ֆրանսացիք պիտի օգնեն գերմանացիներուն` դիմագրաւելու համար իրենց տնտեսական դժուարութիւնները: Այսպիսով, Ֆրանսա ափրիկեան երկիրներու համակրանքին պիտի արժանանայ:
Համաձայն Ֆրոմաժ-Լըմեթրի` Գերմանիոյ վարչապետը` Ատենաուըր առողջական պատճառներով պիտի հրաժարի, եւ իր յաջորդը Ֆրանսայի մեծ բարեկամ մը պիտի ըլլայ, որ պիտի աշխատի իրարու աւելի շուտ մերձեցնել երկու երկիրները: Ֆրանսա եւ Գերմանիա Եւրոպայի երկու առաջնորդ երկիրները պիտի հանդիսանան ու պիտի կարգադրեն ցարդ առկախ մնացած բոլոր խնդիրները:
Խրուշչեւ եւս պիտի հրաժարի առողջական պատճառներով: Իր յաջորդը աւելի ազատական բնոյթ մը պիտի տայ Ռուսիոյ հիմնական օրէնքներուն ու Ֆրանսայի հետ համաձայնութեան դաշինք մը պիտի ստորագրէ: Այսպիսով, Ֆրանսա գլխաւոր դաշնակիցը պիտի ըլլայ Ռուսիոյ:
Արուեստի գետնի վրայ 1963-ը յիշատակելի տարի մը պիտի ըլլայ, մասնաւորաբար` երաժշտական ճիւղին համար: Լինա Քարմով կը գուշակէ, թէ դաշնակի եւ ջութակի նոր վիրթիւօզներ երեւան պիտի գան:
Համաձայն Ֆրետերիքայի, երգահաններ պիտի հակին դէպի դասական երաժշտութիւնը եւ պիտի վերանորոգեն օփերան:
Հեռատեսիլի յայտագիրները պիտի կանոնաւորուին ըստ Անրիեթ Ֆրոմաժ Լմեթրի: Նոր արուեստագէտներ պիտի ծնին եւ գլխաւորաբար նոր երգչուհի մը պիտի փայլի:
Նորաձեւութեան մարզին մէջ երկար քղանցքները դարձեալ նորոյթ պիտի ըլլան: Ձմեռը խիստ պիտի ըլլայ:
Յունուար 15-ին օդը նուազ խստամբեր պիտի ըլլայ: Բայց ձիւնը բաւականաչափ բարձր եւ թանձր պիտի ըլլայ, որպէսզի դահուկողները դիւրաւ սահին անոր վրայէն:
Իսկ ամառը հիանալի պիտի ըլլայ: Սիրային բազմաթիւ երջանիկ միութիւններ պիտի ըլլան:
Երկու արքայազուններ աշխարհ պիտի գան Պելճիքայի եւ Անգլիոյ մէջ, որոնք երջանիկ անակնկալ մը պիտի պարգեւեն պելճիքացի եւ անգլիացի ժողովուրդներուն:
Այո, իշխանական ծնունդ մը կը տեսնեմ, ըսած է գուշակ Ֆրետերիքա: Գրեթէ հրաշք մը պիտի ըլլայ այս ծնունդը, որովհետեւ անիկա պիտի պսակէ Պոտուէն թագաւորին եւ Ֆապիոլա թագուհիին անարատ սէրը:
Պրիժիթ Պարտօ եւ Սամի Ֆրէյ պիտի ամուսնանան:
Համաձայն Ռանտոսի, անսպասելի ամուսնութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի Կոմսի ընտանիքին մէջ, փետրուարին կամ մարտին Ֆարահ Տիպա կայսրուհին մանչուկ մը պիտի ծնի:
1963-ի ամէնէն կարեւոր եւ բացառիկ գուշակութիւնը կը կազմէ քաղցկեղի դարմանումը:
Ժանն-Ֆրամինէ կը գուշակէ, թէ 1963-ին քաղցկեղի դարմանումը պիտի գտնուի վերջնականապէս: Ֆրանսացի եւ օտար գիտնականները խլիրդը դարմանելու ազդու կիրարկումներ պիտի գտնեն: Իսկ Ռանտոս կը յայտնէ, թէ այդ դեղը պիտի ըլլայ սերոմ մը:

