«Իվանիշվիլի Վրաստանը Արեւմուտքէն Դէպի Ռուսիա Կը Տանի» Կ՛ըսէ Սահակաշվիլի
«Կրուզիա օնլայն» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի յայտարարած է, որ վարչապետ Պիձինա Իվանիշվիլի երկիրը Արեւմուտքէն դէպի Ռուսիա կը տանի:
Սահակաշվիլի Իվանիշվիլին մեղադրած է երկրին արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւնը փոխելու յանցանքով:
Նախագահը յիշեցուցած է, որ իր վերջին հարցազրոյցին մէջ Իվանիշվիլի յայտարարած է, որ ստիպուած եղած է ետ մղել արեւմտեան աշխարհի եւ Միացեալ Նահանգներու «յարձակումները», որպէսզի պահպանէ իր քաղաքականութեան անկախութիւնը:
Սահակաշվիլի յայտարարած է, որ վարչապետը կը կեդրոնանայ ոչ թէ արեւմտեան արժէքներու, այլ Ռուսիոյ վրայ` վերջինիս լրտեսները եւ գործակալները ազատ արձակելով: «Ան արդէն կը խօսի Արեւմուտքի յարձակումներուն մասին, Արեւմուտքը, որ միշտ օգնած է Վրաստանին», ըսած է նախագահը:
Վրաստանի վարչապետ Պիձինա Իվանիշվիլի բազմիցս յայտարարած է, որ իր նպատակը Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի յարաբերութիւններուն կարգաւորումն է, սակայն ատիկա պիտի չկատարուի ի վնաս Վրաստանի շահերուն: Ներկայ հանգրուանին, ըստ անոր, պիտի սկսի նոր յարաբերութիւններու ստեղծում` տնտեսական, մշակութային, մարդասիրական հարցերուն մէջ:
Միւս կողմէ, վրացական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Սահակաշվիլի որոշած է աշխատանքը շարունակել Սամեկրելօ շրջանի Զուկտիտի բնակավայրին մէջ գտնուող իր նախագահական նստավայրին մէջ:
«Ռեզոնանս» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սահակաշվիլի այդ մասին յայտարարած է Սամեկրելօ շրջանի իշխանութիւններուն հետ հանդիպումին ընթացքին:
Նախագահին մամլոյ ծառայութիւնը, սակայն, այդ տեղեկութիւնը չէ հաստատած:


