Միացեալ Նահանգներ Օժանդակած Են Ֆրանսայի Սոմալիի Մէջ Գործողութեան Համար
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տունը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներ Ֆրանսայի յատուկ ծառայութիւններուն Սոմալիի մէջ իրենց հայրենակից հետախոյզը փրկելու հարցին մէջ թեքնիք աջակցութիւն ցուցաբերած են:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ընդգծուի, որ ամերիկեան ուժերը այդ գործողութեան ընթացքին Ֆրանսային սահմանափակ թեքնիք աջակցութիւն ցուցաբերած են:
«Սակայն ամերիկացի զինուորները եւ ամերիկեան յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցները անմիջական մասնակցութիւն չեն ունեցած այն համալիրին ռմբակոծման մէջ, որուն մէջ ենթադրաբար գերի կը պահուէր Ֆրանսայի քաղաքացին», ընդգծած է Օպամա:
Նախագահը խոստովանած է, որ Միացեալ Նահանգներու զինուորական օդանաւերը կարճ ժամանակուան համար մուտք գործած են Սոմալիի օդային տարածք` փրկարար գործողութեան աջակցելու, եթէ ատոր անհրաժեշտութիւնը ըլլար: Սակայն ամերիկեան օդուժը գործողութեան ընթացքին զէնք չէ օգտագործած:
Ֆրանսայի մասնայատուկ ուժերը փորձած էին հետախոյզ Տենի Ալեքսը փրկել: Ան 2009-ի ամառուընէ ի վեր գերեվարուած էր Մոքատիշուի մէջ` Շապապ ծայրայեղ իսլամական կազմակերպութեան կողմէ:
Պուլօ-Մարեր քաղաքին մէջ տեղի ունեցած գործողութիւնը ձախողած էր:
Ըստ ֆրանսական կառավարութեան տեղեկութեանց, գերին սպաննուած է, կորուստներ ունեցած են նաեւ գործողութեան մասնակից զինուորները: Մարտի ընթացքին սպաննուած է շուրջ քսան իսլամական զինեալ:
Ըստ իսլամականներուն, անոնք գերի բռնած են վիրաւոր ֆրանսացի զինուոր մը: