Արեւելեան Մալիի Մէջ Ֆրանսական Ռմբաձիգներ Կը Հարուածեն Կաոն
Ֆրանսական ռմբաձիգներ կիրակի օր Արեւելեան Մալիի մէջ հարուածեցին Կաօ քաղաքը, այդպիսով ընդլայնելով ըմբոստներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն դէմ իրենց յարձակումները:
Ֆրանսական բանակը ուրբաթ օրուընէ ի վեր Մալիի մէջ իսլամական զինեալներու դէմ գործողութիւններ կը կատարէ` օժանդակելով կառավարական ուժերուն, որոնք կը փորձեն երկրին կեդրոնը գտնուող Քոննա քաղաքը վերագրաւել:
Կաոյի բնակիչ մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ իսլամական զինեալներուն բոլոր զօրանոցները քանդուած են, իսկ զինեալները` փախուստ տուած:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ Մալիի մէջ իսլամականներու յառաջխաղացքը կասեցուած է:
Իսլամական խմբակներ եւ Թուարեկ ցեղախումբի աշխարհիկ զինեալներ ապրիլ 2011-ին գրաւեցին Մալիի հիւսիսային շրջանները, սակայն իսլամականները շուտով դարձան շրջանին միակ տէրերը:
Ֆրանսա կը յայտարարէ, որ ըմբոստները նկատառելի վնասներ կրած են:
Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը յայտնեց, որ «Ռաֆալ» տիպի ռմբաձիգներ Ֆրանսայէն թռիչք առնելով հարուածած եւ քանդած են ըմբոստներուն պատկանող մարզումի ճամբարներ եւ գումակային պահեստանոցներ:
Մալի ներխուժելու Ֆրանսայի որոշումը շատերը անակնկալի մատնեց, որովհետեւ երկրին մէջ միջամտելու ՄԱԿ-ի կողմէ լիազօրուած միջազգային ուժի տեղակայումը կը սպասուէր յառաջիկայ աշնան:
Էլիզէի պալատէն պաշտօնատար մը ԱՖՓ-ին յայտնեց, որ ֆրանսացի զինուորները իրենց դէմ ճակատող իսլամական զինեալներու մարտական որակին ի տես անակնկալի մատնուած են:
Մալիի Մէջ Ժիհատականներ Կը Սպառնան
Մալիի մէջ ժիհատականներ շուրջ ինը ամիսներէ ի վեր երկրին հիւսիսային շրջաններուն տիրող Քայիտայի զինեալները եւ ծայրայեղական իսլամականները հարուածելու Ֆրանսայի ուրբաթ օր ձեռնարկած «վայրագ կատու» գործողութեան պատճառով սպառնացին «Ֆրանսայի խորքը հարուածել»:

