Վրաստանի Մէջ Ազատ Արձակուեցան Աւելի Քան 190 Քաղաքական Բանտարկեալներ
Վրաստանի մէջ աւելի քան 190 քաղաքական բանտարկեալներ ազատ արձակուեցան: Ընդհանուր ներումի օրէնքը նախ որդեգրուած էր վրացական խորհրդարանին կողմէ, ապա ուժի մէջ մտած էր ոչ թէ նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի, այլ խորհրդարանի նախագահ Դաւիթ Ուսուփաշվիլիի կողմէ ստորագրուելէ ետք:
Ասիկա Վրաստանի պատմութեան մէջ առաջին օրէնքն է, որուն վրայ վեթօ դրած էր նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլին, իսկ խորհրդարանը յաջողած էր նախագահական վեթոն յաղթահարել:
Ներում շնորհուած է մասնաւորաբար այն անձերուն, որոնք ձերբակալուած էին հակակառավարական ցոյցերու ժամանակ կամ կը մեղադրուէին կառավարութիւնը տապալելու եւ Ռուսիոյ օգտին լրտեսութիւն կատարելու համար:
Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ երկու ամիսներուն ընթացքին բանտերէն ազատ արձակուին շուրջ երեք հազար բանտարկեալներ:
Ազատ Արձակուեցան Նաեւ
Արմէն Գէորգեան Եւ Ռուբէն Շեկոյեան
Նախորդ ամիս Վրաստանի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած ընդհանուր ներման մասին օրէնքին համաձայն, 190 բանտարկեալներ, որոնց շարքին նաեւ Արմէն Գէորգեան եւ Ռուբէն Շեկոյեան ազատ արձակուեցան: Այս մասին կը հաղորդէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւանը` նշելով, որ Աճարիոյ հայ համայնքի երկու գործիչները «կեղծ մեղադրանքներով» ձերբակալուած էին հոկտեմբեր 2010-ին եւ «առանց հիմնաւոր ապացոյցներու» դատապարտուած էին 11 տարուան բանտարկութեան:
Հարազատներու եւ ընկերներու ուղեկցութեամբ, որոնք կանուխ առաւօտէն կը գտնուէին Թիֆլիսի Գլտանի թիւ 8 բանտի բակին մէջ, նախկին բանտարկեալները ուղեւորուեցան Հաւլաբարի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցին, ուր անոնց դիմաւորեց Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան` հոգեւոր դասին հետ միասին:
Թեմակալ առաջնորդը եկեղեցւոյ մէջ աղօթեց եւ օրհնեց Արմէն Գէորգեանը եւ Ռուբէն Շեկոյեանը, բարձր գնահատելով նոր իշխանութիւններուն արդար եւ մարդասիրական դրսեւորումները:
Արմէն Գէորգեան իր եւ միւս քաղաքական բանտարկեալներուն անունով երախտագիտութիւն յայտնեց Վիրահայոց թեմի առաջնորդին եւ հոգեւոր դասին, որոնք երկու տարի երկու ամիս շարունակ մշտապէս այցելեցին անոնց բանտին մէջ գտնուած ժամանակաշրջանին ընթացքին, քաջալերեցին եւ յուսադրեցին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Վրաստանի նոր իշխանութիւններուն, խորհրդարանին եւ հայ ու վրացի մարդկային իրաւանց պաշտպաններուն, որոնք ջանք ու եռանդ չեն խնայած զանոնք ազատելու հարցին մէջ:
Գէորգեան երկար տարիներ եղած է Աճարիոյ հայ համայնքի ղեկավարը եւ 90-ական թուականներուն կազմակերպած է Պաթումի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները, որոնք իրենց աւարտին հասան 1996 թուականին:
Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւանը վստահեցուց, որ մօտ ժամանակներուն կ՛ակնկալուի նաեւ հայազգի գործիչ, քաղաքական բանտարկեալ Վահագն Չախալեանի ազատ արձակումը:


