Ըստ Էրտողանի Խորհրդականին Հակառակ Փարիզի Դէպքին, Օճալանի Հետ Հոլովոյթը Իր Դրական Աւարտին Հասցնելու Կամքը Աճած Է
Թրքական բոլոր օրաթերթերը երկուշաբթի օր անդրադարձան Փարիզի մէջ քիւրտ կին գործիչներու սպանութենէն ետք Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի` Օճալանի հետ բանակցութիւնները շարունակելու վերաբերեալ կառավարութեան ուղղած կոչին:
Քըլըճտարօղլու յայտնած է, որ «Իմրալիի հոլովոյթը պէտք է այս դէպքէն ազդուի: Եթէ կառավարութիւնը այս հոլովոյթը կ՛ուզէ յառաջ մղել, ապա բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին»:
Թուրքիոյ վարչապետի խորհրդական, երեսփոխան Եալչըն Աքտողան «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ ՔԱԿ-ի բանտարկուած ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի հետ բանակցութեանց ճամբով ընթացք առած հոլովոյթին նկատմամբ ներկայիս ընկերային եւ քաղաքական մեծ զօրակցութիւն գոյութիւն ունի: Ան նշած է, որ այդ զօրակցութիւնը այնքան մեծ է, որ նոյնիսկ Փարիզի մէջ ՔԱԿ-ի երեք կին անդամներու սպանութիւնը ընկերութիւնը յուսահատութեան չէ մղած: «Ընդհակառակն` վճռակամութիւնը աւելի ընդգծուած է. հոլովոյթը շարունակելու եւ զայն լուծումի մը հասցնելու կամքը աճած է», ընդգծած է Աքտողան:
«Անոնք, որոնք կրնան հոլովոյթը խափանել ուզեր, պիտի չյաջողին», շեշտած է ան:
Անդրադառնալով Փարիզի ոճիրին` Աքտողան յայտնած է, որ «կը հաւատամ, որ ատիկա մտադրուածին հակառակ արդիւնքը պիտի տայ: Կարգ մը մարդիկ թերեւս փորձեցին (հոլովոյթը) խափանել, սակայն լուծումի մը հասնելու ընկերութեան կամքը այնքան ուժեղ է, որ չեմ կարծեր, որ հոլովոյթը պիտի խափանեն»:


