«Ասատ Պէտք Է Իշխանութենէն Հեռանայ» Կ՛ըսէ Ռոմփույ
Եւրոպական Միութեան նախագահ Հերման Վան Ռոմփույ կոչ ուղղեց դադրեցնելու «Սուրիոյ մէջ ջարդերը, որոնց զոհերուն թիւը, ըստ ՄԱԿ-ին հասած տուեալներուն, աւելի քան 60 հազար է. այդ մէկը ահաւոր է եւ անընդունելի»:
Ռոմփույ վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան այն կեցուածքը, թէ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է իշխանութենէն հեռանայ այն պահուն, երբ ժողովրդավարական եւ համապարփակ փոխանցումը դիւրացնելու ջանքեր թափուին»:
Ան Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի հետ իր հանդիպումէն ետք շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ ներկայացուցիչ Լախտար Իպրահիմիի Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու առաքելութեան կը զօրակցի:
Ան սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինին կոչ ուղղեց «Իպրահիմիի եւ անոր խմբակին հետ գործակցելու»:
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով դարձեալ յայտնած է, թէ «Սուրիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթի եւ երկխօսութեան ձեռնարկման համար Սուրիոյ նախագահի հեռացման նախապայմանի պահանջը անիրագործելի է»:
Ան սուրիական ընդդիմութեան կոչ ուղղած է «Ասատի օրինակին հետեւելու եւ երկխօսութեան ձեռնարկման շուրջ իր գաղափարները ներկայացնելու»` աւելցնելով, որ «եթէ սուրիական ընդդիմութեան տեղը ըլլայի, երկխօսութեան նախաձեռնումին շուրջ իմ գաղափարներս կը ներկայացնէի»:
Թուրքիոյ նախագահի միջինարեւելեան հարցերով աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ յայտնեց, որ Ասատ դէպի ժողովրդավարական վարչակարգ փոխանցման համար Թուրքիոյ առաջարկներուն դիմաց «ականջները փակեց»:
Ան նշեց, որ «Իրան պէտք է Սուրիոյ մէջ լուծումին եւ ոչ թէ խնդիրին մէկ մասը ըլլայ»:
«Սուրիացի ժողովուրդը միայն կրնայ իր ճամբու քարտէսը գծել», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ ինք վստահութիւն ունի, որ սուրիացիները կարողութիւն ունին «ազատ, միացեալ, ժողովրդավար եւ արաբներէ, թուրքմեններէ, քիւրտերէ, իսլամներէ ու քրիստոնեաներէ բաղկացած իրենց ընկերութիւնը միացնող հայրենիքի հասնելու»:


