Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ յառաջիկայ հինգշաբթի օր Պաապտայի մէջ պիտի գումարէ նիստ մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի: Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի 53 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրէնքին այլընտրանք մը գտնելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր շեշտեց, որ անհրաժեշտ է անտեսել արտաքին խորհուրդները եւ առաջնահերթութիւնը ընծայել Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին:
ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող օրինագիծերուն մանրամասնութիւններուն առումով Պքերքէ յստակ կեցուածք մը չունի:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք տակաւին կառչած կը մնան Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքին, որովհետեւ այլեւս կարելիութիւն չունին անկէ հրաժարելու:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յունուարի աւարտին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հրաւէրով պիտի այցելեն Փարիզ: Կը նախատեսուի, որ կարգ մը քրիստոնեայ քաղաքական ուժերու անձնաւորութիւններ իրենց կարգին այցելեն նաեւ Մոսկուա:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը խորհրդարանական մեծամասնութեան չի վերածեր, ինչպէս ոմանք համոզուած են:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը դժուար թէ վաւերացուի խորհրդարանին կողմէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմ մը կը նախապատրաստէ:

