Շարպել Լաւատես Է Քաթար Կատարելիք Իր Այցելութեամբ

Մարուան Շարպել

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, որ երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Քաթար` քննարկելու համար Ազեզի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը եւ այդ հարցին լուծման մէջ Տոհայի դերակատարութիւնը, յայտնեց, որ ինք լաւատես է Քաթար կատարելիք իր այցելութեամբ: Ան նշեց նաեւ, որ ինք լաւատես է, որ առեւանգուած լիբանանցիները մօտիկ ապագային ազատ պիտի արձակուին:

Նշենք, որ Շարպելի կ՛ընկերակցի ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի հարցերու խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ յայտնեց, որ Թուրքիա պատասխանատու չէ լիբանանցի առեւանգեալներուն հարցով` շեշտելով, որ անոնք թուրքերուն մօտ չեն գտնուիր:

Իր կարգին, առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին հետեւող շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ Թուրքիոյ վերջնական որոշումով միայն կարելի պիտի ըլլայ լուծել առեւանգեալներուն հարցը:

Share this Article
CATEGORIES